Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրութիւններուն ՔՊ-ի Արձանագրած Արդիւնքները Անխոցելիօրէն Օրինական Են. Նիկոլ Փաշինեան

Ընտրութիւններուն ՔՊ-ի Արձանագրած Արդիւնքները Անխոցելիօրէն Օրինական Են. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքները անխոցելիօրէն օրինական են։

Վարչապետը այս մասին ըսած է լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին։

«Հայաստանի քաղաքացին խորհրդարանական ընտրութիւններում իր կամքն արտայայտելու հնարաւորութիւն է ունեցել։ Ընտրութիւնների արդիւնքները, մասնաւորապէս ՔՊ-ի արձանագրած արդիւնքները անխոցելիօրէն օրինական են, եւ ընտրութիւնների արդիւնքներն էլ առնուազն այս մասով արտայայտում են Հայաստանի քաղաքացիների ազատ կամարտայայտումը»,- նշած է Փաշինեան։

Հարցումին, թէ արդեօք անոնք օրինական չեն ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն արձանագրած արդիւնքներուն մասով, Փաշինեան ըսած է, որ ընդդիմադիրներուն մասով տասնեակ ընտրակաշառքներ բաժնելու քրէական գործեր եւ ձայնագրութիւններ կան հրապարակուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment