Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը թոյլ տուաւ, որ Գլխաւոր դատախազութիւնը մեղադրանք առաջադրէ նախկին նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առանջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանին:
ԿԸՅ նիստի աւարտէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին այդ մասին յայտնեց փաստաբան Արամ Օրբելեանը։ Ան մանրամասնեց, որ Քոչարեանին մեղադրանք պիտի առաջադրուի պաշտօնի չարաշահման եւ փողերու լուացման յօդուածներով։
Ան նշեց, որ խօսքը Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան ժամանակ՝ 2004 թուականին կատարուած գործարքի մը մասին է, որ հաստատած է ՀՀ կառավարութիւնը։ Օրբելեանի պնդմամբ՝ այդ գործարքը որեւէ կերպ չէ վիճարկուած, եւ անոր հետ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ անոր ընտանիքի անդամները որեւէ առնչութիւն չունին։
«Հետագայում՝ 2008 թուականին, երբ պարոն Ռոպերթ Քոչարեանն արդէն պաշտօն չէր զբաղեցնում, նրա որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը տուեալ ընկերութիւնում բաժնեմաս է գնել՝ բաւականին մեծ գումար վճարելով։ Եւ հիմա դա ինչ-որ ձեւով փորձում են կապել 2004 թուականի գործարքի հետ։ Խօսքը «Մաստեր կլաս» թենիսի տարածքի մասին է»,- մանրամասնած է ան։
Անոր խօսքով՝ այդ հատուածը վարձակալութեամբ յանձնուած եղած է, վարձակալը իր գումարներով սկսած է կառուցապատում իրականացնել, սակայն 2008 թուականին ֆինանսական որոշակի խնդիրներ ունեցած է եւ ներդրումներ փնտռելու ժամանակ առաջարկ եղած է նաեւ Սեդրակ Քոչարեանին, որ համապատասխան մասնակցութիւն ունեցած է այդ գործընթացին մէջ։
Յունիս 16-ին յայտնի դարձած էր, որ Դատախազութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցած է ԿԸՅ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ։
Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքը, Հայաստանի մէջ Յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով յաղթահարած է խորհրդարան մտնելու անցողիկ շեմը եւ նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 12 մանտաթ։ Ռոպերթ Քոչարեանը կը գլխաւորէ դաշինքի ընտրական ցուցակը, հետեւաբար, այս պահուն անոր նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու եւ զինք ազատութենէն զրկելու համար անհրաժեշտ է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին համաձայնութիւնը։

