«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեան յայտնած է, որ յառաջիկային ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն մասնակցութեամբ հանրահաւաք կը նախատեսուի։ Կարապետեան այս մասին ըսած է լրատուականներուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
Կարապետեանի խօսքով՝ հանրահաւաքը կրնայ կրել «Ուժեղ եւ վստահելի հանրահաւաք» անուանումը, քանի որ, ըստ անոր, միայն այդ պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ ստանալ ժողովուրդին իրական աջակցութիւնը։
Անդրադառնալով ընտրակաշառքներու վերաբերեալ մեղադրանքներուն՝ ան զանոնք որակած է յօրինուած եւ յայտարարած, որ իրենց քաղաքական ուժին անունով ընտրակաշառք բաժնած որեւէ անձ կը համարէ իշխանութեան ներկայացուցիչ։
«Ընտրակաշառքների թեման յօրինուեց, որ այդ ընթացքում իրենք բաժանեն պետութեան պիւտճէով ընտրակաշառքներ։ Բոլորս հասկանում ենք, թէ այդ մոլորուած մարդիկ ինչու ձայն տուեցին Փաշինեանին»,- ըսաւ Կարապետեան։
Կարապետեան անդրադարձաւ Ազգային Ժողովի մանտաթները վերցնելու կամ չվերցնելու հարցին՝ նշելով, որ անոր շուրջ որոշումը պէտք է կայացուի ընդդիմադիր բոլոր ուժերուն հետ քննարկումներու բերումով։
«Քանի որ եթէ մանտաթներն ընդդիմութիւնը չի վերցնում, իրենք ստանում են հնարաւորութիւն միանձնեայ կառավարելու Ազգային Ժողովը»,- ըսաւ «Ուժեղ Հայաստանի» առաջնորդը։
Կարապետեան յաւելեց, որ, միւս կողմէ, մանտաթները վերցնելով՝ իշխանութեան օրինականութիւնը ապահովելու հարցն է։

