Գլխաւոր դատախազութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցած է Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողով «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ:
Երկու օր առաջ Քոչարեանին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ թոյլ չեն տոուած լքել Հայաստանի տարածքը։ Տեղեկութիւնը լրագրողներու հետ զրոյցին հաստատած էր էր անոր որդին։ Լեւոն Քոչարեան ըսած էր, որ սա «հերթական ապօրինութիւնն է իշխանութիւններուն կողմէ»։
ԿԸՅ-ն Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ քրէական գործ յարուցելու մասին համաձայնութիւն տուած է։

