Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Հայաստանի Համար Առեւտրային Արտօնութիւններ Կը Պատրաստէ. FT

ԵՄ-ն Հայաստանի Համար Առեւտրային Արտօնութիւններ Կը Պատրաստէ. FT

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի արտակարգ առեւտրային միջոցառումներ կիրառելու Հայաստանի նկատմամբ՝ մեղմելու Ռուսաստանի կողմէ վերջին շաբաթներուն սահմանուած ներմուծման սահմանափակումներուն ազդեցութիւնը, կը գրէ Financial Times-ը՝ յղում ընելով ծրագրերուն ծանօթ չորս աղբիւրի։

FT-ի փոխանցմամբ՝ Եւրոպական Յանձնաժողովը կը մշակէ այսպէս կոչուած ինքնավար առեւտրային միջոցառումներ (autonomous trade measures), որոնք կը նուազեցնեն մաքսատուրքերը հայկական սննդամթերքի եւ գիւղատնտեսական արտադրանքի շարք մը տեսակներուն համար։ Պրիւքսէլի մէջ կը կարծեն, թէ Ռուսաստանի սահմանափակումները նպատակ ունէին ճնշում գործադրել Հայաստանի «արեւմտամէտ իշխանութիւններուն» վրայ՝ Յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ։

Միջոցառումները դեռ պէտք է հաստատուին ԵՄ անդամ երկիրներու մեծամասնութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ։ Ըստ FT-ի աղբիւրներուն՝ անոնք կրնան ընդգրկել այն շուրջ 20 ապրանքային խումբերուն մեծ մասը, որոնց նկատմամբ Ռուսաստանը սահմանափակումներ կիրառած է։ Այդ ապրանքներու տարեկան արտահանման ծաւալը կը գնահատուի մօտ 420 միլիոն եւրօ (մօտ 485 միլիոն տոլար)։

Եւրոյանձնաժողովի խօսնակ Օլոֆ Կիլ թերթին ըսած է, որ յանձնաժողովը «պիտի առաջարկէ ինքնավար առեւտրային միջոցառումներ՝ օգնելու աւելի շատ հայկական առեւտրային արտադրութիւններու մուտք գործել ԵՄ շուկայ եւ աջակցելու երկրի տնտեսութեան այն ոլորտներուն մէջ, որոնք աւելի շատ տուժած են»։

FT-ն կը նշէ, որ Ռուսաստանը նախ սահմանափակեց հայկական ծաղիկներու ներմուծումը՝ յղում ընելով բուսասանիտարական խնդիրներուն, ապա արգելքները տարածուեցան ծիրանի, հանքային ջուրի, գինիի, քոնեակի, միրգերու, բանջարեղէնի եւ ձկան վրայ։

Ըստ հրապարակման՝ ընտրութիւններէն երեք օր առաջ Եւրոմիութիւնը յայտարարած էր 50 միլիոն եւրոյի (մօտ 58 միլիոն տոլար) աջակցութեան փաթեթի մասին, որ պէտք է օգնէր ձեռք բերել այն ծաղիկներն ու այլ ապրանքները, որոնք նախապէս կ’արտահանուէին Ռուսաստան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment