Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Կ’աշխատի Խոշոր Տնտեսական Աջակցութեան Փաթեթի Վրայ՝ Հայաստանին Օգնելու Դիմակայել ՌԴ Անարդար Առեւտրային Սահմանափակումներուն․ Քալլաս

ԵՄ-ն Կ’աշխատի Խոշոր Տնտեսական Աջակցութեան Փաթեթի Վրայ՝ Հայաստանին Օգնելու Դիմակայել ՌԴ Անարդար Առեւտրային Սահմանափակումներուն․ Քալլաս

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Հայաստանի համար աջակցութեան ծրագիր պիտի պատրաստէ՝ ի պատասխան Ռուսաստանի կողմէ առեւտրային սահմանափակումներու։ Factor.am-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին յայտնած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլասը Լիւքսեմպուրկի մէջ ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպումէն եւ ՀՀ  արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ անոնց բանակցութիւններէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին։

Ան նշած է, որ անցեալ շաբաթ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները յստակ ուղերձ յղած են։ «Հայ ժողովուրդը քուէարկած է խաղաղութեան, ինքնիշխանութեան ու Եւրոպայի հետ աւելի սերտ կապերու օգտին։ Ռուսաստանի ծանր ճնշումն ու տնտեսական հարկադրանքը չկրցան ազդել քուէարկութեան վրայ։

Այսօր նախարարները քննարկած են, թէ ինչպէս կրնանք հետագային ամրապնդել Հայաստանի դիմակայունութիւնը եւ տնտեսական բազմազանումը։ ԵՄ-ն արդէն կ’աշխատի խոշոր տնտեսական աջակցութեան փաթեթի վրայ՝ Հայաստանին օգնելու դիմակայել Ռուսաստանի անարդար առեւտրային սահմանափակումներուն։ Մեր նոր ԵՄ գործընկերութեան առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ շուտով պիտի սկսի աշխատանքը՝ կիբերյարձակումներու, անօրինական ֆինանսական

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment