Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պէտք Է Լուծարել Կաշառք Բաժնած Կուսակցութիւնները. «Հանրապետութիւն» Կուսակցութիւն

Պէտք Է Լուծարել Կաշառք Բաժնած Կուսակցութիւնները. «Հանրապետութիւն» Կուսակցութիւն

by MassisPost

«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը կը համարէ, որ Հակափտածութեան Կոմիտէի՝ Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած դիմումին եւ դատական հայցերու հիմնաւորման պարագային պէտք է լուծարել կաշառք բաժնած կուսակցութիւնները, իսկ առաջին 3 համարները 10 տարիով զրկել առաջադրուելու իրաւունքէն։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան Քաղաքական Խորհուրդը:

«Ակնյայտօրէն ներքաղաքական գործընթացների վրայ ազդելու մղումով՝ ՌԴ-ն սահմանափակումներ է մտցրել ՀՀ ապրանքների նկատմամբ, ինչը փակուղու առաջ է կանգնեցրել ՀՀ արտադրողներին։ Անհրաժեշտ պահին աջակցութեան ձեռք են մեկնել ԵՄ երկրները։

«Ստեղծուած իրավիճակի ամբողջական լուծման միակ հնարաւոր տարբերակը ՀԱՊԿ-ից եւ ԵԱՏՄ-ից դուրս գալն ու Խոր եւ համապարփակ առեւտրի, ինչպէս նաեւ Ասոցացման համաձայնագրերը ԵՄ-ի հետ ստորագրելն է։ Դա է նաեւ հանրութեան գերակշիռ մասի ցանկութիւնը, որը մենք ձեւակերպել ենք։ Հետեւաբար, մեր յայտարարութիւնը բաց է քաղաքական այլ ուժերի միանալու համար եւ կարող է ընդունուել որպէս հանրային պահանջ»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։

Աւելի վաղ, Հակափտածութեան Կոմիտէի նախագահը դիմած է արդարադատութեան նախարարին՝ ընտրական յանցագործութիւններու դէմ օրէնսդրական խստացումներ նախաձեռնելու առաջարկով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment