«Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի են ունեցել ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ». լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է ներքին գործերու նախարար Արփինէ Սարգսեանը։
«Մինչ այս պահը ես քաղաքական որեւէ ուժի ներկայացրած փաստահեն եւ իրաւաչափ արձանագրում չեմ տեսել»,- ընդգծած է Սարգսեան՝ անդրադառնալով դիտարկման, թէ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը դիմած է ԿԸՅ ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու պահանջով՝ պնդելով, որ անոնք տեղի ունեցած են զանգուածային խախտումներով։
Նախարարին խօսքով՝ բոլոր քաղաքական ուժերուն համար ապահովուած են պատշաճ պայմաններ՝ նախընտրական քարոզարշաւ իրականացնելու նպատակով։
ՆԳ նախարար Սարգսեանը անդրադարձած է ընտրական յանցագործութիւններու բացայայտման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն։
Նախարարը նշած է, որ իրաւապահ համակարգի աշխատանքը չի սահմանափակուիր միայն ընտրութեան օրով։
Անոր խօսքով՝ ՆԳՆ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ հետախուզական միջոցառումները ընտրողի ընտրական իրաւունքը խոչընդոտողները կամ որեւէ ազդեցութիւն ունեցողները յայտնաբերելու եւ ձերբակալելու ուղղութեամբ։
Արփինէ Սարգսեանը վստահեցուցած է, որ գործընթացը շարունակական է, եւ առկայ հիմքերու պարագային պիտի ըլլան նոր ձերբակալութիւններ։

