Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Դաւաճանութեան Վարոյթի Ծիրին Մէջ Խուզարկած Են ԲՀԿ Պատգամաւորի Թեկնածուին Բնակարանը

Պետական Դաւաճանութեան Վարոյթի Ծիրին Մէջ Խուզարկած Են ԲՀԿ Պատգամաւորի Թեկնածուին Բնակարանը

by MassisPost

Իրաւապահ մարմինները վաղ առաւօտեան խուզարկած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Արեգնազ Մանուկեանի բնակարանը։ Զայն կանչած են քննչական բաժին հարցաքննութեան։

Քննչական Կոմիտէէն յայտնած են, որ պատգամաւորի թեկնածուի տան մէջ քրէական վարոյթի շրջանակներուն մէջ քննչական գործողութիւններ ընթացած են։

«Վարոյթը կապուած է լրտեսութեան, պետական դաւաճանութեան յայտնի վարոյթին»,- յայտնած են Կոմիտէէն։

Լրատուամիջոցները աւելի վաղ գրած էին, որ լրտեսութեան եւ պետական դաւաճանութեան մէջ մեղադրուող Անդրանիկ Թեւանեանի գործով կ’անցնի նաեւ պատգամաւորութեան թեկնածու Արեգնազ Մանուկեանը։

Ըստ շրջանառուող տեղեկութիւններու՝ Մանուկեանը Թեւանեանին փոխանցած է սահմանազատման թեմայով Ազգային Ժողովի փակ նիստի տեղեկութիւնները, որոնք Թեւանեանը 622 հազար տոլարով փոխանցած է «Ռուսսիա Կովկաս» կեդրոնի տնօրէնին։

Քննչական Կոմիտէն Մայիս 21-ին «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, ընտրութիւններուն ԲՀԿ ցուցակով առաջադրուած պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանի դէմ քրէական վարոյթ նախաձեռնած է՝ պետական դաւաճանութեան եւ լրտեսութեան մեղադրանքով։ Թեւանեանը երկու ամիսով կալանաւորուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment