Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ TRIPP-ը Ոչ Թէ Միջանցք Է, Այլ՝ Ճանապարհ․ Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպան

TRIPP-ը Ոչ Թէ Միջանցք Է, Այլ՝ Ճանապարհ․ Հայաստանի Մէջ Իրանի Դեսպան

by MassisPost

«TRIPP-ը ոչ թէ միջանցք է, այլ՝ ճանապարհ»:

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսանողներու հետ հանդիպման այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը։

Արդեօք Թեհրանի մտահոգութիւնները Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ իրականացուող ծրագրի շուրջ փարատա՞ծ են, «Ազատութիւն»-ը հարցուցած է Խալիլ Շիրղոլամիին:

«Մենք հայկական կողմին հետ շատ լաւ կապեր ունինք այս հարցին շուրջ, մշտական կապի մէջ ենք: Եթէ այս ճանապարհին նպատակն է ընդլայնել հնարաւորութիւնները եւ աջակցիլ խաղաղութեան, մենք դէմ չենք անոր»,- պատասխանած է իրանցի դիւանագէտը:

2025-ի Օգոստոս 8-ի ուաշինկթընեան համաձայնութենէն յետոյ հարեւան Իրանէն պարբերաբար մտահոգութիւններ կը հնչէին. պաշտօնապէս կը յայտարարեն, թէ TRIPP-ի մասին հայկական կողմի հաւաստիացումներուն կը հաւատան, միւս կողմէ, սակայն, մտավախութիւն կը յայտնեն, թէ Միացեալ Նահանգները այս ծրագիրը հնարաւոր է որ սեփական անվտանգային քաղաքականութիւնը շարունակելու համար օգտագործէ: Անցեալ տարեվերջին Իրանի հոգեւոր առաջնորդին խորհրդականը ուղիղ յայտնած էր, որ TRIPP-ը նոյն «Զանգեզուրի միջանցքն» է, եւ Թեհրանը ի սկզբանէ դէմ եղած է նախագիծին:

«Հաշուի առնելով Միացեալ Նահանգներու թշնամական վերաբերմունքը Թեհրանի հանդէպ, մենք մտահոգութիւններ ունէինք, որոնց մասին մեր հայ գործընկերներուն հետ խօսած ենք շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ, անոնք մեզի վստահեցուցած են, թէ Հայաստանը Իրանի դէմ գործողութիւններու հարթակ պիտի չդառնայ․ մենք փոխադարձ վստահութիւն ունինք»,- ըսած է Շիրղոլամին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment