Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լիտիա Մանթաշեանի Կալանքը Վերացուած Է, Խափանման Միջոցը՝ Փոխուած

Լիտիա Մանթաշեանի Կալանքը Վերացուած Է, Խափանման Միջոցը՝ Փոխուած

by MassisPost

Դատարանը վերացուցած է Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ միւսներուն գործով մեղադրեալներէն Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը, կիրառած է վարչական հսկողութիւն եւ գրաւ՝ 2 միլիոն 500 հազար դրամի չափով:

Պաշտպան Տաթեւիկ Սողոյեան առաջարկած էր կիրառել վարչական հսկողութիւն ու բացակայելու արգելք:

Դատախազները, որ անցեալ շաբաթ դէմ էին Մանթաշեանի ազատ արձակման, այսօր ընդունելի համարած են փաստաբաններուն հիմնաւորումներն ու մտահոգութիւնները եւ առաջարկած են կիրառել բացակայելու արգելք գրաւով:

Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ «Սրբազան պայքար»-ի մասնակիցները եւ ղեկավարները ծրագրած են Հայաստանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ: Ծրագրաւորման մասնակցած են շարք մը անձեր, ներգրաւուած են նախկին ոստիկաններ ու զինուորականներ:

Հրապարակուած են այս ամէնը հաստատող ձայնագրութիւններ եւս, որոնց մէջ տարատեսակ ցուցումներ կու տայ, ծրագրներ կը ներկայացնէ Գալստանեանը:

Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ «Սրբազան պայքար»-ի աքթիվիսթ Լիտիա Մանթաշեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment