Դատարանը վերացուցած է Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի եւ միւսներուն գործով մեղադրեալներէն Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը, կիրառած է վարչական հսկողութիւն եւ գրաւ՝ 2 միլիոն 500 հազար դրամի չափով:
Պաշտպան Տաթեւիկ Սողոյեան առաջարկած էր կիրառել վարչական հսկողութիւն ու բացակայելու արգելք:
Դատախազները, որ անցեալ շաբաթ դէմ էին Մանթաշեանի ազատ արձակման, այսօր ընդունելի համարած են փաստաբաններուն հիմնաւորումներն ու մտահոգութիւնները եւ առաջարկած են կիրառել բացակայելու արգելք գրաւով:
Քննչական Կոմիտէի հաղորդագրութեան համաձայն՝ «Սրբազան պայքար»-ի մասնակիցները եւ ղեկավարները ծրագրած են Հայաստանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ: Ծրագրաւորման մասնակցած են շարք մը անձեր, ներգրաւուած են նախկին ոստիկաններ ու զինուորականներ:
Հրապարակուած են այս ամէնը հաստատող ձայնագրութիւններ եւս, որոնց մէջ տարատեսակ ցուցումներ կու տայ, ծրագրներ կը ներկայացնէ Գալստանեանը:
Ձերբակալուածներու շարքին է նաեւ «Սրբազան պայքար»-ի աքթիվիսթ Լիտիա Մանթաշեանը:

