««Թրամփի ուղի» նախագիծի իրագործման համար Հայաստանին առաջին մասնաբաժնով 140 միլիոն տոլար յատկացնելու ԱՄՆ-ի որոշումը չի կարող էական ազդեցութիւն ունենալ ՀՀ տնտեսութեան վրայ»:
Ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարտին Գալստեանը՝ արձագանգելով լրագրողի հարցումին:
«Ազդեցութեան չափով բաւականին փոքր գումար էք նշում․ 140 միլիոնը Հայաստանի ներկայիս տնտեսութիւնը կլանելու տեսանկիւնից բաւականին փոքր գումար է: Ի հարկէ, պէտք է նայենք ընդհանուր նախագիծը, որպէսզի հասկանանք, թէ ինչ է տեղի ունենալու, այդ միջոցներն ինչի վրայ են ծախսուելու: Բայց նման նախաձեռնութիւնն ընդհանուր առմամբ դրական է ընկալում շուկան այն առումով, որ հնարաւոր է ապաշրջափակման վերաբերեալ հետագայում որոշակի նորութիւններ լինեն, ու խաղաղութեան պայմանագիրը գայ իր վերջնական տրամաբանական աւարտին, որը էապէս կը բարելաւի նաեւ առեւտրային միջավայրը»,- մանրամասնած է ան:
Յիշեցնենք՝ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ բիւրոյի ղեկավար Պրենտըն Հենրեհենը փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր, որ աշխատելով գոնկրէսի հետ՝ մտադիր են Հայաստանին տրամադրել 145 միլիոն ԱՄՆ տոլար աջակցութիւն։ Սա ֆինանսաւորման առաջին մասնաբաժինն է՝ ուղղուած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագծի եւ Օգոստոս 8-ին ձեռք բերուած յարակից պայմանաւորուածութիւններու իրագործմանը առեւտուրի, ենթակառուցուածքներու, կարեւորագոյն հանքանիւթերու մատակարարման շղթաներու եւ միջսահմանային անվտանգութեան ասպարէզներուն մէջ ներդրումներուն աջակցելու միջոցով:

