Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պատիւ Ունեմ»ը Անվստահութիւն Յայտնելու Նախագիծ Ներկայացուցած Է

«Պատիւ Ունեմ»ը Անվստահութիւն Յայտնելու Նախագիծ Ներկայացուցած Է

by MassisPost

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջնորդած «Պատիւ Ունեմ»-ը խորհրդարան ներկայացուցած է  «ազգային ճգնաժամի եւ կառավարման ձախողման հիմքերով վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու մասին» յայտարարության նախագիծ, որ յառաջիկային պէտք է  քննարկուի գլխադասային յանձնաժողովին մէջ:

Ընդդիմադիր խմբակցութիւնը վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու շարք մը հիմնաւորումներ կը ներկայացնէ՝ Փաշինեանի կառավարութիւնը խարխլած է ազգային անվտանգութիւնը, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խաթարուած է,  թշնամական ուժերն ալ 2021-էն տարածքներ գրաւած են սահմանամերձ շրջաններու մէջ։

«Կառավարությունը ոչ միայն չի ապահովել երկրի ինքնիշխան տարածքի պաշտպանութիւնը, այլեւ պաշտօնական մակարդակով հրաժարուել է տարածքային վերահսկողութիւնը  վերականգնելու յանձնառութիւնից, ինչը փաստացի օրինականացնում է բռնագրաւումը»,- ըսուած է նախագիծին մէջ։

Անվստահութիւն յայտնելու յայտարարութեան նախագիծին մէջ նաեւ կը նշուի, որ կառավարութիւնը իր միակողմանի զիջումները կը քօղարկէ «Խաղաղութեան Դարաշրջանի» եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկի» կեղծ հռետորաբանութեամբ, որ կը յանգեցնէ Ատրպէյճանի կողմէ հերթական պահանջներու յառաջադրման եւ կը պարունակէ նոր յարձակման վտանգ:

Արցախի հարցով, «Պատիւ Ունեմ»ը կը մեղադրէ Փաշինեանը հակամարտութեան՝ տասնամեակներու բանակցային գործընթացի ձեռքբերումները ոչնչացնելու,  արկածախնդրութեան հետեւանքով սանձազերծուած պատերազմի եւ յետոյ արդէն Արցախը  Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու համար:

Սերժ Սարգսեանի առաջնորդած խմբակցութիւնը նաեւ կ’արձանագրէ, որ կառավարութիւնը յանցաւոր անգործութիւն ցուցաբերած է Պաքուի բանտերուն մէջ շինծու մեղադրանքներով պահուող գերիները Հայաստան վերադարձնելու համար:

Մանրամասն ներկայացնելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, «Պատիւ Ունեմ»ը կ’եզրայանգէ, որ Նիկոլ Փաշինեանը անդառնալիօրէն կորսնցուցած է կառավարելու օրինականութիւնը, եւ որ անոր պաշտօնավարումը գոյութեան սպառնալիք է Հայաստանի  համար։

Ստեղծուած իրավիճակի միակ սահմանադրական լուծումը ընդդիմադիր խմբակցութիւնը կը համարէ խորհրդարանին կողմէ վարչապետին անվստահութիւն յայտնելը, որ կ’ենթադրէ գործընթացին շուրջ պատգամաւորներու համախմբում, անցումային կառավարութեան ձեւաւորում, ապա եւ ազատ ու արդար ընտրութիւններու կայացում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment