Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ առեւտուրը զգալիօրէն նուազած է։
Օվերչուք յայտնած է, որ տարուան վերջը կը սպասուի երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ցուցանիշի կրկնակի նուազում։
«Առեւտուրը զգալիօրէն նուազած է: Մենք կը սպասենք, որ տարուան վերջը այն նախորդ տարուայ համեմատ պիտի նուազի երկու անգամ։ Եթէ նախորդ տարի այն կը կազմէր 12,4 միլիառ տոլար, ապա այս տարի պիտի ըլլայ 6 միլիառ տոլարի շրջակայքը, գուցէ քիչ մը աւելի շատ»,- ըսած է Օվերչուք։
Խօսելով Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագրին մասին՝ Ռուսաստանի փոխվարչապետը նշած է, որ Մոսկուայի մէջ այդ զարգացումներուն կը հետեւին՝ «շատ զգուշաւոր լաւատեսութեամբ»։

