Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Յայտարարութեան Մէջ Չի Յիշատակուիր «Միջանցք» Կոչուող Որեւէ Բան. ՀՀ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան

Ուաշինկթընի Մէջ Ստորագրուած Յայտարարութեան Մէջ Չի Յիշատակուիր «Միջանցք» Կոչուող Որեւէ Բան. ՀՀ-ի Մէջ Իրանի Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին, որ կ’աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, անդրադարձած է Ուաշինկթընի մէջ Օգոստոս 8-ին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթին։

ISCA News-ի հետ զրոյցին դեսպանը նշած է, որ Իրանի կողմէ ցանկալի հինգ սկզբունքները, այդ շարքին՝ ինքնիշխանութեան յարգումը, սահմանային ամբողջականութեան յարգումը, իրաւասութիւնը, փոխադարձութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ներառուած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կնքուած համաձայնագրին մէջ։

Դեսպանին նշուած է, որ Իրանի մէջ շատ փորձագէտներ եւ հանրութիւնը մտավախութիւն ունին, որ միջանցքի ստեղծումը պիտի սահմանափակէ Իրանի անմիջական մուտքը Հայաստան եւ Հիւսիսային Կովկաս, որ մեծ նշանակութիւն ունի երկրի ռազմավարական եւ տնտեսական կապերուն համար:

Բացի անկէ, ըստ լրատուամիջոցին՝ Միացեալ Նահանգներու ներկայութեան եւ ազդեցութեան աճը Իրանի սահմաններուն մօտ կը ներկայացնէ եւս մէկ սպառնալիք Իրանի շահերուն եւ ազգային անվտանգութեան համար։

Սոպհանին այս հարցերուն պատասխանած եւ խօսած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեշեզքեանի Հայաստան կատարած այցի արդիւնքներուն մասին:

«Հաշուի առնելով տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն սրումը՝ նախագահին այցը տեղի ունեցաւ ճիշդ ժամանակին եւ ցոյց տուաւ, որ Կովկասը յատուկ նշանակութիւն ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար, եւ մեր երկիրը չափազանց զգայուն է իր «կարմիր գիծերուն» նկատմամբ»։

Իրանը կ’ուզէ շարունակել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերելքի միտումը, եւ Թեհրանն ու Երեւանը լիակատար փոխըմբռնմամբ կը ձգտին պահպանելու լաւ եւ կառուցողական յարաբերութիւններ: Այցի ընթացքին Իրանի նախագահը շատ կառուցողական բանակցութիւններ վարած է Հայաստանի վարչապետին հետ, եւ կէս ժամ տեւողութեյամբ նախատեսուած զրոյցը տեւած է աւելի քան երկու ժամ»,- նշած է դեսպանը:

Ան յայտնած է, որ կողմերը համաձայնութեան եկած են խորացնելու յարաբերութիւնները բոլոր մակարդակներու վրայ եւ շարունակել փոխըմբռնումը երկու երկիրներուն միջեւ, ստորագրուած է 12 համագործակցութեան փաստաթուղթ։

Սոպհանիի խօսքով՝ ո՛չ խաղաղութեան համաձայնագրի փաստաթուղթին մէջ, ո՛չ ալ Ուաշինկթընի մէջ երկու երկիրներուն կողմէ ստորագրուած յայտարարութեան մէջ չի յիշատակուիր «միջանցք» կոչուող որեւէ բան, եւ միակ քննարկումը եղած է այն կապուղիներու բացման մասին, որոնք Ատրպէյճանին պիտի ապահովեն Նախիջեւան մուտք, իսկ անոր դիմաց Հայաստանի մուտքը երկաթուղիով պիտի կապուի Իրանի Ջուլֆայի հետ։

Իրանի դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ հետագայ քննարկումներուն մէջ եւս լիովին հաշուի առնուած են Իրանի շահերը եւ «անհանգստանալու պատճառ չկայ»։

«Հայաստանը եւ Միացեալ Նահանգները բանաւոր համաձայնութեան եկած են, այլ ոչ թէ գրաւոր, արձանագրել հայ-ամերիկեան համատեղ ձեռնարկութիւն Հայաստանի մէջ եւ նշանակած ներդրող՝ նախագիծը իրականացնելու համար, որ լիովին պիտի որոշուի ՀՀ ազգային ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ եւ պիտի կարգաւորուի Հայաստանի անվտանգութեան հսկողութեան, անձնագրային վերահսկողութեան եւ մաքսային ընթացակարգերով։ Համաձայնագրին համաձայն՝ այդ պիտի ըլլայ տեսակ մը վերահսկողութիւն, այլ ոչ թէ երթուղիի սեփականութիւն»,- ըսած է Սոպհանի  եւ որպէս օրինակ նշած է Երեւանի օդակայանը, որ կը պատկանի Հայաստանի կառավարութեան․ անձնագրային վերահսկողութիւնը, մաքսային ընթացակարգերը եւ անվտանգութեան ստուգումները կ’իրականացնէ կառավարութիւնը, սակայն օդակայանին կառավարումը յանձնուած է ներդրումային ընկերութեան, ուստի համաձայնեցուած տարանցիկ երթուղիի համար «99-ամեայ վարձակալութիւն» վերնագրի ներքոյ օգտագործուած արտայայտութիւնները ճիշդ չեն։

Իրանցի դիւանագէտը եւս մէկ անգամ վստահեցուցած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի այցին ժամանակ յայտարարած է, որ պիտի չձեռնարկէ որեւէ քայլ, որ կը հակասէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան շահերուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն, եւ որ Իրանի հետ ընդհանուր սահմանը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի, ու անոնք որեւէ կերպ պիտի չվնասեն անոր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment