Կայացած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի նախարարութեան կից գիտամեթոտական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մոյթերու վերականգնման աշխատանքներուն հարցը:
Գիտամեթոտական խորհուրդի անդամներէն բացի՝ նիստին մասնակցած են «Ճարտարապետներու պալատի» անդամներ, այդ շարքին՝ յուշահամալիրի համահեղինակ Արթուր Թարխանեանի դուստրը՝ ճարտարապետ Անահիտ Թարխանեանը, կապալառու, տեխնիկական եւ հեղինակային հսկողութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Մօտ երեք ժամ տեւած խորհրդակցութեան բերումով որոշում կայացուած է՝ վերահաստատել գոյութիւն ունեցող նախագիծը՝ շարունակելով նորոգման ընթացքի մէջ գտնուող երեք մոյթերու վերականգնումը, նախագծային որոշ մանրամասնութիւններ լրամշակել (հանգոյցնէր եւ այլն), երեք մոյթերու վերականգնումէն յետոյ քննարկել միւս մոյթերու վերականգնման հարցերը, ձեռնարկել համապատասխան քայլեր շինարարական հրապարակի պատշաճ կազմակերպման ուղղութեամբ:

