ՀՀ արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին անդրադարձաւ ՀԷՑ-ի հետ կապուած Սթոքհոլմի առեւտրային պալատի իրաւարարութեան հիմնարկի որոշման:
Ըստ նախարարին՝ ՀԷՑ-ի հետ կապուած՝ վէճի պարագային կը գործէ երկկողմ ներդրումային պայմանագիրը, որուն հետ կապուած վէճերու պարագային իրաւարար ատեանի որոշումներու ճանաչման յստակ ընթացակարգ կը գործէ:
«Կողմը իրաւունք եւ լիարժէք հնարաւորութիւն ունի դիմելու ՀՀ ներպետական դատարանին, որպէսզի դատարանը ճանաչի նախ իրաւարարի որոշումը, յետոյ դառնայ պարտադիր կատարման ենթակայ: Ներպետական օրէնսդրութեամբ կայ հնարաւորութիւն այդ որոշումը չկատարելու, եթէ դա հակասում է հանրային կարգին»,- ըսաւ Գալեան:
Նախարարը նշեց, որ ժամանակաւոր կառավարիչին մուտքը ՀԷՑ հետապնդած է այլ նպատակ, քան կը նկարագրուի միւս կողմի դիմումին մէջ:
«Նպատակ է հետապնդել խուսափել հնարաւոր ճգնաժամից, որը մեզ իրականում սպառնում էր»,- ըսաւ նախարարը:

