Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Խաղաղութեան Պայմանագրի` Հայաստանի Պատասխան Առաջարկները Մշակման Փուլի Մէջ Են. ԱԳՆ Խօսնակ

Խաղաղութեան Պայմանագրի` Հայաստանի Պատասխան Առաջարկները Մշակման Փուլի Մէջ Են. ԱԳՆ Խօսնակ

by MassisPost

Խաղաղութեան պայմանագրի Հայաստանի պատասխան առաջարկները մշակման փուլի մէջ են:

Այս մասին ըսած է Արտաքին գործերու նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը՝ ի պատասխան «Ազատութեան» հարցումին, թէ Երեւանը պատասխանա՞ծ է Պաքուի առաջարկներուն՝ 10-րդ փաթեթին։

«ՀՀ պատասխան առաջարկները մշակման փուլում են՝ սեղմ ժամկէտում խաղաղութեան պայմանագրի կնքման՝ ՀՀ կողմից արդէն իսկ հնչեցուած, ներկայացուած սկզբունքային առաջարկին համապատասխան»,- նշած է ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

Երեւանն ու Պաքուն տեւական ժամանակ է կը բանակցին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։ Առաջարկներու 10-րդ փաթեթը ստանալու մասին Երեւանը մէկ ամիս առաջ յայտարարած էր։

Անոր յաջորդած են Միրզոյեան-Պայրամով ուաշինկթըեան բանակցութիւնները, որմէ յետոյ յայտարարուած է պայմանագրի կնքման ուղղութեամբ յառաջընթացի մասին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment