Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Վարդան Յարութիւնեանէն Բռնագանձել 23 Անշարժ Գոյք, 9 Փոխադրամիջոց, Դրամական Միջոցներ

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Վարդան Յարութիւնեանէն Բռնագանձել 23 Անշարժ Գոյք, 9 Փոխադրամիջոց, Դրամական Միջոցներ

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանը 2024 թուականի Մայիս 20-ին վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր Դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Այս մասին տեղեկացուցած են ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան հանրային կապերու վարչութենէն:

Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած դատարանին՝ Վարդան Յարութիւնեանէն (2014–2016 թուականներուն` «Կազփրոմ Արմէնիա» ՓԲԸ վարչութեան նախագահ-գլխաւոր տնօրէն, «Կազփրոմ Արմէնիա» ՓԲԸ Տնօրէններու խորհուրդի անդամ, «Կազփրոմ Արմէնիա» ՓԲԸ վարչութեան անդամ, 2016–2018 թուականներուն՝ ՀՀ ԿԱ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէի նախագահ) եւ անոր փոխկապակցուած անձերէն բռնագանձել`

23 անշարժ գոյք.

9 փոխադրամիջոց.

473 հազար ԱՄՆ տոլար աւանդ.

6 միլիոն 239 հազար ԱՄՆ տոլարի եւ 219 միլիոն 880 հազար դրամի չափով տրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունք.

Միացեալ Թագաւորութեան Լոնտոն քաղաքին մէջ ձեռք բերուած գոյքի ձեռքբերման արժէքի (ապօրինի մասի) չափով գումար, որ կը կազմէ 242 միլիոն 128 հազար դրամ.

1 միլիառ 61 միլիոն 438 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտի մնացորդ.

4 միլիառ 975 միլիոն 318 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում եւ ուսումնասիրուող ժամանակահատուածի ընթացքին փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռք բերողներու կամ այն անհնար է նոյնականացնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment