Արտաքին գործերու նախարարութեան շէնքի յարակից տարածքէն բերման ենթարկուած է բողոքի շարժման 26 մասնակից։ Այս մասին յայտնեցին ՆԳՆ Հանրային հաղորդակցութեան եւ իրազեկման վարչութենէն:
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը հաւաք կ’իրականացնէր Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան շէնքին մօտ։ Շարժման ղեկավարները կը պահանջէին, որ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը իջնէ եւ հանդիպի իրենց հետ։
Ոստիկանութիւնը իր հերթին յայտարարութիւն տարածած էր՝ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման համակիրներուն զգուշացնելով, որ Հայաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, անցագրային դրութեամբ համակարգով գործող կառոյց է։

