ՆԳՆ ոստիկանութիւնը յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ ոստիկանութիւնը մշտապէս իրականացուցած եւ այս պահին ալ կը շարունակէ իրականացնել հասարակական կարգի եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած միջոցառումներ։
«Համացանցին մէջ տեղեկութիւններ կը տարածուին մայրաքաղաքին մէջ «հազարաւոր ոստիկանական ուժերու կուտակումներու» մասին։
ՀՀ Ելեւմուտքի նախարարութենէն ստացուած յայտի հիման վրայ՝ Ալ․ Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ կայանալիք EBRD միջազգային համագումարի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած միջոցառման առնչութեամբ հասարակական կարգն ու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով՝ Մայիս 15-ին, ժամը 15.00-էն 20.00 Օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի յարակից փողոցներուն մէջ պիտի սահմանափակուին երթեւեկութիւնն ու քաղաքացիներուն տեղաշարժը։
Միջոցառումը մէկ յարկի տակ համախմբած է շուրջ 3000 մասնակիցներ 74 երկրէ, այդ շարքին՝ բարձրաստիճան պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային եւ մասնաւոր հատուածի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Նման մասշտաբային միջոցառումներով պայմանաւորուած՝ ՆԳՆ ոստիկանութիւնը մշտապէս իրականացուցած եւ այս պահին ալ կը շարունակէ իրականացնել հասարակական կարգի եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած միջոցառումներ, որ Ոստիկանութեան անմիջական գործառոյթն է։ Հետեւապէս, որեւէ արտառոց իրավիճակ չկայ, ինչպէս փորձ կը կատարուի ներկայացնել որոշ լրատուամիջոցներու կողմէ։ Եւս մէկ անգամ պատճառուող անյարմարութիւններուն համար կը հայցենք քաղաքացիներուն ներողամտութիւնը եւ կը խնդրենք այդ ժամերուն շրջանցել մայրաքաղաքին նշուած հատուածները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

