Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչները՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորութեամբ:
Վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ ՍԴՀԿ-ի միջեւ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած է կուսակցութեան ներգրաւուածությունը՝ արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերուն հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովին: Նիկոլ Փաշինեան շեշտած է ՍԴՀԿ-ի դերը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ եւ այս առումով կարեւորած է նման հանդիպումներու միջոցով մեր հայրենակիցներուն անհրաժեշտ տեղեկատուութեան փոխանցումը:
Համբիկ Սարաֆեանը ՍԴՀԿ-ի աջակցութիւնը յայտնած է կառավարութեան՝ երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման գործին մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են առկայ խնդիրների լուծման ու այդ ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն վերաբերող հարցեր: