Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեւանի մէջ մասնակցած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի 33-րդ նիստին: Միջոցառման մասնակցած են նաեւ հանրապետութեան նախագահ, հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Արման Դիլանեանը եւ այլք:
Նիստին ընթացքին հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը հանդէս եկած է տարեկան զեկոյցով՝ ներկայացնելով իրականացուած ծրագիրներն ու նախագիծերու ընթացքը:
Քննարկուած են հիմնադրամի 2022 թուականի ֆինանսական հաշուետուութիւնն ու 2023 թուականի տարեկան պիւտճէն: