Հայկական կողմը աշխատանքներ կը տանի Մարկարայի մէջ համապատասխան ենթակառուցուածքները կարգի բերելու համար եւ շատ շուտով պիտի աւարտէ աշխատանքները, ԵԽԽՎ-ի մէջ ՀՀ Ազգային Ժողովի պատուիրակութեան մամուլի ասուլիսի ընթացքին ըսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակացութիւններուն մէջ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը։
«Յոյյս ունենք, որ թուրքական կողմը նոյնպէս կը պահի պայմանաւորուածութիւնները եւ այս ամառուայ ընթացքում պայմանաւորուածութիւնները կ’իրագործուեն», յաւելեց ան։
Հարցին, թէ արդեօ՞ք այս պահին քննարկումներ կան թրքական կողմին հետ, Ռուբինեան պատասխանեց. «Գործընթացը կանգնած վիճակում չէ, ես ըստ անհրաժեշտութեան խօսում եմ Թուրքիայի յատուկ ներկայացուցչի հետ»։
Մարկարայի կամուրջով Փետրուարին հայկական կողմը մարդասիրական բեռներ ուղարկեց երկրաշարժէն տուժած թրքական բնակավայրեր։