Հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ, որ Նոյեմբեր 13-ին Սպիտակ տան մէջ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումէն ետք Ծերակոյտի մէջ արգելափակում դրած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վրայ, խոստովանած է, որ ատիկա ըրած է Սպիտակ տան ցանկութեամբ:
Կրահամ axios-ի հետ զրոյցի ընթացքին պատմած է, որ Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնեան խնդրած է իրմէ երթալ Ծերակոյտ եւ արգելափակել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:
«Ես ըսի՝ ի հարկէ։ Միակ պատճառը, որ ես ըրի այն էր, որ Էրտողանը դեռ Ուաշինկթընի մէջ էր։ Ես կը փորձեմ փրկել յարաբերութիւնները, որքան որ հնարաւոր է»,- ըսած է Կրահամ։
Հարցին, թէ իրեն անյարմար կը զգա՞յ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը արգելափակելու համար, Կրահամ պատասխանած է. «Այո՛, որովհետեւ ես կը հաւնիմ Պոպ Մենենտեսը: Ան տարիներ շարունակ կ՝աշխատի այդ ուղղութեամբ: Ես յաջորդ անգամ չեմ պատրաստուիր առարկելու»։
Յիշեցնենք, որ Կրահամէն ետք ԱՄՆ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վրայ Ծերակոյտի մէջ երկրորդ անգամ ալ արգելափակում դրուած էր: Այդ անգամ արգելափակումը կիրառած էր ԱՄՆ Ճորճիա նահանգի հանրապետական ծերակուտական Տէյվիտ Փերտիւն։