Կիրակի, 21 Յուլիս, 2019 պատմական յիշատակելի օր մը եղաւ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ կառուցուելիք Հայ-Ամերիկեան թանգարանի շինութեան մեծ ծրագրի իրագործումին գծով: Այս առթիւ հանգանակային շքեղ ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր Արա եւ Նինա Օհանեանի Մալիպուի բարձունքի գեղատեսիլ ապարանքին մէջ:
Շուրջ 110 հրաւիրեալներուն մէջ կը նշմարուէին Հայ-Ամերիկեան թանգարանի Խնամակալ Մարմնի համա-ատենապետ եւ Թեմիս առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, նոյն խորհուրդի անդամ Գաբրիէլ Մոլոյեան, ինչպէս նաեւ ծանօթ ազգայիններ բարերարներ եւ հովանաւորներ:
Այս առթիւ գործադրուեցաւ օրուան պատշաճ յայտագիր մը: Հիւրընկալ ամոլին անունով Տիկին Նինա Օհանեան սրտանց բարի գալուստ մաղթեց բոլոր հրաւիրեալներուն, որոնք եկած էին քաջալերելու եւ զօրավիգ կանգնելու հայ-ամերիկեան թանգարանի պարծանք հանդիսանալիք շքեղ կառոյցի իրականացման ծրագրին:
Օրուան հանդիսավար Խնամակալ Մարմնի գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեանի ողջոյնի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի Խնամակալ Մարմնի համա-ատենպաետ Գերշ. Յովնան Սրբազան: Ան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք օրուան հիւրընկալներ Տէր եւ Տիկ. Արա եւ Նինա Օհանեաններուն սրտաբուխ ընդունելութեան համար, դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ-Ամերիկեան թանգարանի վիճակուած օգտաշատ առաքելութեան մասին: Սրբազանը մասնաւորաբար յարեց. «Թանգարանը պատգամ մըն է որ կ՛ըսէ՝ մենք խաղաղասէր ժողովուրդ մըն ենք եւ կոչուած ենք խաղաղաղութեամբ ապրելու եւ ոչ միայն մեր ինքնութիւնը պահպանելու, այլեւ մեր շինարար ներդրումը բերելու այս հիւրընկալ երկրին:» Այնուհետեւ Յովնան Սրբազան կոչ ուղղեց ներկաներուն որպէսզի գործնապէս աջակցին այս նուիրական գործի յաջողութեան:
Թանգարանի կառուցման իրագործումը ստանձնած «Մարգոսի» Շինարարական ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան: Ան համապարբակ զեկուցումով հանդէս գալով, շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան հետ աղերս ունեցող արդիական թանգարանի կառուցողական եւ բաժանմունքային յարմարութիւններուն մասին:
Օրուան հիւրընկալ Արա Օհանեան խօսք առնելով իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Հայ-Ամերիկեան թանգարանի Խնամակալ Մարմնին եւ բոլոր աջակիցներուն որոնք ձեռնամուխ եղած են այս ազգապարծան կոթողային գործի իրականացումին:
Հայ-Ամերիկեան թանգարանի Շինութեան յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան, իր հերթին յաւելեալ մանրամասնութիւններ տուաւ մեծ ծրագրի մասին եւ առանձնապէս շեշտեց նահանգային եւ գաւառային իշխանութիւններու եւ Կլենտէյլ քաղաքի քաղաքապետկան խորհորւդի նիւթա-բարոյական աջակցութեանց մասին:
Կ՛իմանանք թէ ցարդ պատկան իշխանութիւններու կողմէ խոստացուած գումարն է ութը միլիոն տոլար: Իսկ Արա եւ Նինա Օհանեանի տան մէջ եղած նուիրատութիւններէն գոյացած է 270,000 տոլար, որպէս հիմնադիրներու շրջանակակի անդամներ:
Ընդունելութեան պաշտօնական բաժինէն ետք շարունակուեցաւ ընկերային հաճելի մթնոլորտը, Արա Տապանճեանի եւ իր Element Band նուագախումբի կենդանի կատարումով:
Մայրամուտի առաջին ժամերուն ներկաները բաժնուեցան լաւագոյն տպաւորութիւններով, հաճելին եւ օգտակարն իրարու ագուցած ըլլալու գոհունակութեամբ: