Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եթէ Այդ Տեղամասերուն Քուէները Չեղարկուած Չըլլային, ԲՀԿ-ն Միեւնոյնն Է Չէր Յաղթահարեր 4 Տոկոսի Շեմը. ԿԸՅ Նախագահ

Եթէ Այդ Տեղամասերուն Քուէները Չեղարկուած Չըլլային, ԲՀԿ-ն Միեւնոյնն Է Չէր Յաղթահարեր 4 Տոկոսի Շեմը. ԿԸՅ Նախագահ

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանին մէջ, Յուլիս 1-ին, աւարտեցաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները անվաւեր ճանչնալու դիմումներուն քննութիւնը, իսկ եզրափակիչ փուլին ամենավերջինը ելոյթ ունեցաւ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեանը։ Դատարանը հեռացաւ խորհրդակցական սենեակ՝ վերջնական որոշումը մինչեւ Յուլիս 4-ի աշխատանքային օրուայ աւարտը հրապարակելու համար։

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահը անդրադարձաւ երեք ընտրական տեղամասերու (թիւ 10/51, 12/13 եւ 35/65) արդիւնքներու անվաւեր ճանաչման՝ նշելով, որ ըստ ներկայացուած թուաբանական հաշուարկին՝ նոյնիսկ եթէ այդ տեղամասերուն քուէները չեղարկուած չըլլային, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը միեւնոյնն է չէր յաղթահարեր խորհրդարան անցնելու համար անհրաժեշտ 4 տոկոսի շեմը։

«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը այս դէպքում եւս չէր յաղթահարի 4%-ի շեմը, ստացւում է՝ եթէ անվաւեր ճանաչուած երեք ընտրական տեղամասի արդիւնքների ազդեցութիւնը մեկուսացնում ենք, ընտրութիւնների իրաւական արդյունքները չեն փոխւում»,- ըսաւ ԿԸՅ նախագահը։

Ամփոփելով իր ելոյթը՝ Յովակիմեան յայտնեց, որ ԿԸՅ-ն անկախ մարմին է եւ ապահոված է քաղաքացիներու ձայներուն ամրագրումը՝ յորդորելով դատարանին իրաւաչափ համարել ընտրութիւններուն վերջնական արդիւնքները։

«Ըստ էութեան՝ այս դատավարութեան ընթացքում մեր յարգելի դիմողները ոչ թէ ընտրական համակարգի գործողութիւններն են կասկածի տակ դնում, այլ գործնականում կասկածի տակ է դրւում մեր ընտրողի կամքը, որն արտայայտուած է Յունիսի 7-ի քուէարկութեան արդիւնքներով»,- ըսաւ Վահագն Յովակիմեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment