Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2026 Թուականի Նախագիծով Հայաստանի Պետական Պիւտճէն Պիտի Կազմէ 9,5 Միլիառ Տոլար

2026 Թուականի Նախագիծով Հայաստանի Պետական Պիւտճէն Պիտի Կազմէ 9,5 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

ՀՀ կառավարութիւնը  հաստատեց 2026 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծը։ Պետական պիւտճէն յաջորդ տարի աւելի քան 5 տոկոսով աւելին է։ Կառավարութիւնը կը նախատեսէ յաջորդ տարի 3 թրիլիոն 628 միլիառ դրամ ծախսել կամ մօտ 9,5 միլիառ տոլար։

Նախագիծով Պաշտպանութեան նախարարութեան 2026-ին 563 միլիառ դրամ պիտի յատկացուի՝ մօտ 1,5 միլիառ տոլար։ Այս տարուայ համեմատ ռազմական ծախսերը պիտի կրճատուին մօտ 265 միլիոն տոլարով։

Ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի ներկայացմամբ՝ պիւտճէի նախագիծով տնտեսական աճը պիտի կազմէ 5,4 տոկոս: Պետական պիւտճէի եկամուտները կը նախատեսուին 3 թրիլիոն 91 միլիառ դրամ, որմէ հարկային եկամուտները՝ 2 թրիլիոն 972 միլիառ դրամ։

Տարածքային կառավարման նախարարութեան պիւտճէն պիտի մեծնայ 37 միլիառ դրամով, գերատեսչութեան աւելի քան 325 միլիառ դրամ կամ մօտ 850 միլիոն տոլար պիտի յատկացնեն։

Առողջապահական ոլորտին շուրջ 211 միլիառ դրամ՝ մօտ 550 միլիոն տոլար պիտի տրամադրեն, գերատեսչութեան պիւտճէն պիտի աճի շուրջ 45 միլիառ դրամով։

5 միլիառ դրամով կը կրճատուի նաեւ Տնտեսութեան նախարարութեան ֆինանսաւորումը, գերատեսչութեան յաջորդ տարի 74,5 միլիառ կամ շուրջ 195 միլիոն տոլար պիտի տրամադրեն։

Ֆինանսաւորման մակարդակով բացարձակ առաջատարը դարձեալ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնն է։ Յաջորդ տարի կը նախատեսեն 993 միլիառ դրամ կամ մօտ 2,6 միլիառ տոլար յատկացնել։ Մէկ տարուան մէջ ոլորտի պիւտճէն պիտի աճի մօտ 90 միլիառ դրամով։ Ասոր առիւծի բաժինը՝ մօտ 591 միլիառը պիտի ուղղուի կենսաթոշակներուն։

Զուտ թիւերով պիտի աճի նաեւ Արցախէն տեղահանուածներուն տրամադրուող աջակցութիւնը, կը նախատեսեն 55 միլիառ դրամ կամ աւելի քան 140 միլիոն տոլար տրամադրել։ Այս տարուայ պիւտճէով 35 միլիառ էին նախատեսած։

Գործադիրը յաջորդ տարի նաեւ աւելի շատ գումար պիտի ծախսէ Հայաստանի պետական պարտքը կառավարելու համար։ Աւելի քան 423 միլիառ դրամ կամ 1,1 միլիառ տոլար պիտի ուղղուի միայն պարտքերու տոկոսներու վճարման։

Նախագիծը պիտի ուղարկուի խորհրդարան՝ իւրաքանչիւր ոլորտի վերաբերեալ քննարկումները աւելի մանրամասն շարունակելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment