Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ռազմական կցորդ, գնդապետ Մեթիու Քրօ ներկայ գտնուած է ՀՀ զինուած ուժերու եւ Քանզասի ազգային զօրագունդի զինուորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող ուսուցման՝ նուիրուած բժշկական օգնութեան հարցերուն։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը։
Միջոցառումը տեղի ունեցած է «Զառ» ուսումնական կեդրոնին մէջ՝ «Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան զօրավարժութեան շրջանակին մէջ։
Զօրավարժութեան աւարտին կը նախատեսուի ԱՄՆ զինուորներու եւ անոնց ռազմական տեխնիկայի վերադարձ դէպի ծառայութեան հիմնական վայր։
«Արծիւ գործընկեր-2025» հայ-ամերիկեան զօրավարժութիւնները մեկնարկած են Օգոստոս 12-ին եւ պիտի եզրափակուին Օգոստոս 20-ին։
Զօրավարժութեան ներգրաւուած են ՀՀ Զինուած ուժերու խաղաղապահ գումարտակի, Եւրոպայի ու Ափրիկէի մէջ ԱՄՆ ցամաքային զօրքերու եւ Քանզասի ազգային զօրագունդի զինուորները:
Զօրավարժութեան հիմնական նպատակներն են՝ խաղաղապահ գործողութիւններու ծիրին մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցող ստորաբաժանման փոխգործակցելիութեան մակարդակի բարձրացում, կառավարման եւ մարտավարական հաղորդակցման լաւագոյն փորձի փոխանակման իրականացում, ՀՀ խաղաղապահ ստորաբաժանման պատրաստուածութեան ամրապնդում:
Զօրավարժութիւնը կը ներառէ նաեւ խաղաղապահ առաջադրանքներու նախապատրաստում եւ իրականացում՝ բժշկական տարհանման ընթացակարգերու շեշտադրմամբ։


