Ատրպէյճանի Երիտասարդութեան ու Մարմնամարզի նախարարութիւնը եւ Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէն բողոք յղած են Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին։
Ասոր պատճառը «France-2» հեռուստաալիքի հաղորդավարին խօսքերն էին Փարիզի մէջ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ուղիղ հեռարձակման ժամանակ։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան ընթացքին մասնակից խումբերու շքերթին երբ Սենայով անցած են հայ մարզիկները, «France-2»-ի հաղորդավարը ըսած է. «Հայերը, ի հարկէ, մեր բարեկամներն են, եւ Հայաստանը պատմականօրէն ֆրանսացիներուն սրտին մօտիկ երկիր է։ Անցած տարին սգոյ տարի էր Հայաստանի համար, որ յանգեցուց Ղարաբաղի կորուստին, այն անցաւ ատրպէյճանական բանակին ձեռքը»:
Պաքուն ՄՈԿ-ին յորդորած է վճռական դիրքորոշում ընդունիլ Ողիմպիական խաղերուն մարմնամարզի քաղաքականացման դէմ եւ հրապարակային յայտարարութիւն ընել։

