Ընթացիկ տարուայ Յունիսին նախորդ տարուայ նոյն ամսուան համեմատ Հայաստանի մէջ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշի յաւելաճը կազմած է 7,1%, իսկ նախորդ ամսուան համեմատ՝ 11,2%:
Կառավարութեան ներկայացուցած վիճակագրութեամբ դիտարկուող ժամանակահատուածին նախորդ տարուան համեմատ տնտեսութեան ճիւղերը աճած են հետեւեալ կերպ.
Շինարարութիւն – 18%,
Առեւտուրի շրջանառութիւն – 16,2%,
Ծառայութիւններ – 7,8%,
Արդիւնաբերութիւն – 1,4%։
2024 թուականի Յունիսին նախորդ տարուայ նոյն ամսուան համեմատ ՀՀ արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը աճած է 34,6%-ով. արտահանումը՝ 59,9%, իսկ ներմուծումը՝ 20,6%-ով:
Դիտարկուող ժամանակահատուածին նախորդ տարուան համեմատ ՀՀ սպառողական շուկային մէջ գնաճը կազմած է 0,8%։

