Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Բացառիկ եւ Շքեղ Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Գաբրիէլ Մոլոյեանի Ծննդեան 90 եւ Հասարակական Գործունէութեան 70-Ամեակը

Բացառիկ եւ Շքեղ Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ Գաբրիէլ Մոլոյեանի Ծննդեան 90 եւ Հասարակական Գործունէութեան 70-Ամեակը

by MassisPost

Անցեալ Կիրակի, Յունուարի 28-ին, 2024, մեծարանքի բացառիկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի Կեդրոնի սրահէն ներս: Մօտ 200 հոգիներ ներկայ էին միջոցառումին, որ նուիրուած էր Գաբրիէլ Մոլոյեանի ծննդեան 90 եւ հասարակական ու համայնքային  գործունէութեան 70-ամեակին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի կողմէ կազմակերպուած սոյն միջոցառումին ներկայ հիւրերու շարքին էին Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան տնօրէն` Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տոքթ. Համբիկ ՍարաՖեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տօքթ. Ռաֆի Պալեան, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի, Պոլսահայ Միութեան, Իրանահայ Միութեան, Հայ- Ամերիկեան Թանգարանի եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Օտար հիւրերու շարքին էին ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամ Ճիւտի Չու, ԳալիՖորնիոյ Խորրհրդարանի անդամ` Քրիս Հոլտըն, Փասատինայի Քաղաքապետ` Վիգթոր Կորտօ եւ քաղաքական այլ  անձնաւորութիւններու ներկայացուցիչներ:

Վաստակաշատ ընկերոջ սոյն գեղեցիկ միջոցառման հանդիսավարներ` Լենա Մանուկեան Հայերէնով եւ Հերի Ունել Անգլերէնով վարեցին երեկոյն ու ջերմ խօսքերով ողջունեցին ներկաները, որոնք եկած էին մասնակցելու Գ. Մոլոյեանի նուիրուած յոոբելեական սոյն հանդիսութեան:

Բեմին զոյգ կողմերուն վրայ զետեղուած հեռուստապաստառներու միջոցաւ ներկաները դիտեցին յոբելեար Գ. Մոլոյեանի կեանքի տարբեր շրջանները դրսեւորող դրուագներու հետաքրքրական լուսապատկերները:

Ողջոյնի եւ գնահատանքի ելոյթներով իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին երեսփոխան Քրիս Հոլտըն, գոնկրեսական Ճիւտի Չու  եւ Գ. Մոլոյեանի վաստակն արժեւոորղ պաշտօնական գնահատագիրներ յանձնեցին մեծարեալին: Գ. Մոլոյեանի օգտաշատ ներդրումն ու հանրօգուտ ծառայութիւնները գնահատող ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Փաասատինայի Քաղաքապետ` Վիգթոր Կորտօնը, որ քաղաքը խորհրդանշող զարդակոճակը` իր լամբակէն հանելով յոբելեարի լամբակին վրայ զետեղեց:

Խօսք առնելով «Մասիս»ի խմբագիր` Գրիգոր Խոտանեան ծանրացաւ Գ. Մոլոյեանի կենսագրութեան գլխաւոր գիծերուն վրայ, որպէս ուսուցիչ, մշակութային գործիչ եւ խմբագրական աշխատանքերու հմուտ լրագրող եւ տիտղոսներ չի փնտռող կուսակցական ու հասարակական նուիրեալ գործիչ: Յիշեց նաեւ  իր կողակիցին` Մարիայի կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնն ու խրախուսանքը ամուսինին համայքային աշխատանքներուն հանդէպ:

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան երկարամեայ ատենապետ` Յարութ Տէր Դաւիթեան հետաքրքրական դրուագներով համեմեց իր ելոյթը: Շեշտեց յոբելեար Գ. Մոլոյեանի աշխատասիրութիւնն ու ծառայասիրութիւնը որպէս «Կարգ կանոնի մարդ», որ միշտ կը միտի յաջողութեամբ պսակել իր ստանձնած գործը: Իր մօտ շօշափելի է «առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» սկզբունքը եւ եզրակացուց «ես ալ կ’ուզեմ Գաբրիէլ Մոլոյեանի պէս ըլլալ»…: Պէտք է միշտ մտածել եւ ըսել թէ` «ես որքանով կրնամ արժեւորել իմ կեանքը»…:

Հայ Մարմնամարզական Միութեան ատենապետ Վարդան Քոճապապեան ՀՄՄ-ի կողմէ գնահատանքի ու շնորհակալութեան ցուցատախտակ յանձնեց Գ. Մոլոյեանին:

Յոբելեարի ընտանիքին անունով ելոյթ ունեցաւ իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան իր հօր մասին արտայայտուելով թուեց անոր բարեմասնութիւնները, որով իր նուիրումը գերադաս շահերէն վեր նկատած է, դառնալով միասնութեան ռահվիրայ եւ գաղափարախօսութեան առաջնորդ: Պատմեց նաեւ կարգ մը դրուագներ իր հօր կեանքէն եւ յորդորեց ըլլալ, լաւատես ու համեստ ու որդեգրել «Հայկականը` պատուական էՙ լոզունգը…:

Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Մալխասեանի «Թէ չես եղել Հայաստանում» բանաստեղ-ծութեամբ հանդէս եկաւ շնորհալի ասմունքող Անի Մարսէլեան: Իսկ գաղութիս ծանօթ շնորհալի երգչուհիներէն` Սիւզի Մազմանեան, իր սօփրանօ ձայնով երգեց «Անոր»ը (Հ. Պէրպէրեանի) եւ «Հայաստան»ը (Արտեմիս Այվազեան) ընկերակցութեամբ ստեղնաշարի վրայ` Դոկտ. Իզապէլ Գայայեանի:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան դրուատեց օրուան յոբելեար Գ. Մոլոյեանի նկարագրային գիծերը, որպէս նուիրեալ անձ, համեստ եւ գործելաձեւի մէջ` «Սրբազան խենթ» մը: Քանի որ այն ինչ որ ըրած է եզակի է: Իր կարեւոր յատկանիշներէն են նաեւ փափկանկատութիւնն ու ուղղամտութիւնը եւ նաեւ մշտարթուն կերպով կառչած մնալը իր սկզբունքներուն վրայ: Ան ամէնուրեք իր ներկայութեամբ եւ գործունէութեամբ հարստացուց իր միջավայրը:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, պերճիմաստ ոճով մը վեր հանեց յոբելեար Գ. Մոլոյեանի բարեմասնութիւնները: Անցնող քսան տարիներու ընթացքին գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն հետեւելով, իր մէջ նկատած է մշտարթուն ախատասիրութիւն եւ նուիրուածութիւն իր ազգային, եկեղեցական բեղուն գործունէութեամբ, շարունակաբար սերունդներուն սիրցնելով հոգեւոր եւ ազգային արժանիքները: «Խոնարհաբար Դուք ճարտարապետող անձը եղաք թէ եկեղեցիին մէջ եւ թէ հասարակութեան մէջ, Հայրենիքի սէրը վառ պահելով Ձեր մէջ»:

Յոբելեար Գաբրիէլ Մոլոյեան եզրափակիչ խօսքով եւ յուզուած շեշտերով իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց սոյն ձեռնարկի կազմակերպիչ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմնին եւ գործակից կառոյցներուն («Մասիս» շաբաթաթերթ, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն եւ ՀԿԲՄ), որոնք իրենց դրական մասնակցութիւնը բերին երեկոյթի յաջողութեան համար: Մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ Յովնան Արք.ին եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ` Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանին, պաշտօնական հիւր անձնաւորութիւններուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն: Ան ցաւ յայտնեց գաղութներու մէջ մարդուժի նահանջին եւ կոչ ուղեց հայ ծնողներուն եւ կազմակերպութիւններուն առաւել եւս զարկ տալ հայապահպանութեան եւ կառչած մնալ մեր արմատներուն եւ ազգային ինքնուրոյնութեան պահպանումին:

Յայտագրի առաջին մասն աւարտեցաւ 90-ամեակի կարկանդակի հատումով: Ապա տօնական զուարթ մթնոլորտի մէջ գեղահնչիւն նուագի տիրապետութեան ներքեւ, տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն, ստեղծելով բարձր տրամադրութիւն եւ ոգեւորիչ ընկերային պահեր: Հանդիսականները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին յոբելեար Գաբրիէլ Մոլոյեանին, մաղթեով քառաջողջ եւ բեղմնաւոր տարիներ: Ուշ երեկոյին ներկաները բաւական երկար  մնացին սրահին մէջ եւ ապա լաւագոյն տպաւորութիւններով մեկնեցան յիշարժան տօնակատրութնենէն:

Ինքնատիպ երեկկոյթ մըն էր, որու համար կÿարժէ շնորհաւորել նախաձեռնողներն ու կազմակերպիչները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment