Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Սամանթա Փաուըրի Հետ Քննարկած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանի Ընդհանուր Իրադրութիւնը

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Սամանթա Փաուըրի Հետ Քննարկած Է Հարաւկովկասեան Տարածաշրջանի Ընդհանուր Իրադրութիւնը

by MassisPost

Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական համաժողովի շրջանակներուն մէջ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան (USAID) ղեկավար Սամանթա Փաուըրի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հարաւկովկասեան տարածաշրջանի ընդհանուր իրադրութիւնն ու առկայ մարդասիրական մարտահրաւէրները:

Անդրադարձ կատարուած է Գործակալութեան ղեկավարի տարածաշրջանային վերջին այցի արդիւնքներուն:

Հանրապետությեան նախագահը վերստին ընդգծած է կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ նշած է, որ խաղաղութեան գործընթացը այլընտրանք չունի:

Զրոյցի ընթացքին երկուստեք շեշտուած է մարդասիրական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ ջանքերու համատեղման կարեւորութիւնն ու հետագայ քայլերուն անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ միտքեր փոխանակուած են ՀՀ կառավարութեան եւ Գործակալութեան ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ, ինչին առնչութեամբ Սամանթա Փաուըրը վերահաստատած է համագործակցութեան շրջանակներու ընդլայնման ուղղութեամբ կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը:

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են նաեւ շուրջ երեք տասնամեակ Հայաստանի եւ «USAID»-ի միջեւ առկայ սերտ համագործակցութիւնը եւ կարեւորած են նպատակային փոխգործակցութեան հետագայ խորացման ուղղուած համատեղ քայլերու շարունակականութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment