Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Պաքուն Փարիզը Կը Մեղադրէ «Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն Խառնուելու» Մէջ

Պաքուն Փարիզը Կը Մեղադրէ «Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն Խառնուելու» Մէջ

by MassisPost

Պաքուն Փարիզը կը մեղադրէէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն խառնուելու մէջ եւ կոչ կ’ընէ դադրեցնելու այդ քայլերը։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի խօսնակ Այխան Հաճիզատէն։

Ատրպէյճանի դիւանագիտական գերատեսչութեան խօսնակի յայտարարութիւնը կը հնչէ ի պատասխան Փարիզի քննադատութեան․ Ֆրանսայի կառավարութիւնը, մասնաւորապէս, պնդած է, որ Ատրպէյճանի մէջ լրտեսութեան մեղադրանքով Ֆրանսայի քաղաքացի Մարթին Ռայանի կալանքը «կամայական» է։

«Այս անհիմն յայտարարութիւնը իրականութիւնը խեղաթիւրելու եւ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու եւս մէկ փորձ է», յայտնած է Հաճիզատէն։

Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւնը սրած է անցեալ ամիս, երբ Ատրպէյճանի իշխանութիունները երկրէն արտաքսեցին երկու ֆրանսացի դիւանագէտ։ Ի պատասխան՝ Ֆրանսան իր հերթին արտաքսեց ատրպէյճանական դեսպանատան երկու աշխատակից։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment