Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Առաքելութիւնը Հայաստանի Անկախութիւնը, Ինքնիշխանութիւնը, Պետականութիւնը, Ժողովրդավարութիւնը Ամրացնելն Է. Փաշինեան

Մեր Առաքելութիւնը Հայաստանի Անկախութիւնը, Ինքնիշխանութիւնը, Պետականութիւնը, Ժողովրդավարութիւնը Ամրացնելն Է. Փաշինեան

by MassisPost

Դեկտեմբեր 9-ին Իջեւան քաղաքին մէջ կայացած է «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան Նախաձեռնող խումբի նիստ, որ վարած է Վարչութեան նախագահ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Նիստին մասնակցած են Կուսակցութեան Տաւուշի մարզի Տարածքային կազմակերպութիւններու անդամները, մարզպետը, համայնքապետներ, պատգամաւորներ եւ Կուսակցութեան վարչութեան անդամներ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկած է ելոյթով եւ պատասխանած է կուսակցականներու հարցումներուն։

ՀՀ վարչապետը ելոյթին մէջ նշած է․ «Մեր առաքելութիւնը Հայաստանի անկախութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, պետականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը ամրացնելն է կամ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերահաստատելը որպէս ինքնիշխան, անկախ, ժողովրդավար եւ ազատ իրաւական պետութիւն»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment