Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տասը Ամսուան Մէջ Աճած Է 9,2 Տոկոսով

Հայաստանի Տնտեսական Աշխուժութեան Ցուցանիշը Տասը Ամսուան Մէջ Աճած Է 9,2 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2023 թուականի Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն 9,2 տոկոսով աւելցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին նկատմամբ: Այս մասին կը փաստեն ՀՀ Վիճակագրական Կոմիտէի հրապարակած տուեալները:

Արդիւնաբերական արտադրանքին ծաւալը այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 0,5 տոկոսով:

Շինարարութեան ծաւալը 2023-ի 10 ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աւելցած է 16,4 տոկոսով:

Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ Յունուար-Հոկտեմբերին 2022-ի Յունուար-Հոկտեմբերի նկատմամբ  աւելացումը կազմած է 23,3 տոկոս: Նոյն ժամանակահատուածին մատուցուած ծառայութիւններուն ծաւալը աւելցած է 12,1 տոկոսով:

2023 թուականի Յունուար-Հոկտեմբերին սպառողական գիներու ցուցակը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 2,5 տոկոսով, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքի գիներու ցուցակը՝ 1,6 տոկոսով: Ելեկտրուժի արտադրութեան ծաւալներուն մէջ արձանագրուած է նուազում, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ նուազումը կազմած է 3,5 տոկոս:

Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը այս տարուան Յունուար-Հոկտեմբերին նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ աճած է 41,2 տոկոսով:  Ընդ որում՝ նախորդ տարուան 10 ամիսներու նկատմամբ արտահանումը աճած է 38,5 տոկոսով, իսկ ներմուծումը՝ 42,9 տոկոսով:

Դրամի փոխարժէքը ԱՄՆ տոլարին նկատմամբ Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն կազմած է 390.27 դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment