Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Մասին Յայտարարութիւններուն Ծանօթ Չեմ․ Փեսքով

«Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի Մասին Յայտարարութիւններուն Ծանօթ Չեմ․ Փեսքով

by MassisPost

Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով մերժած է մեկնաբանել Հայաստանի վարչապետին վերջին յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Նիկոլ Փաշինեան խօսած էր Պաքուի կողմէ «արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթի օգտագործման մասին։

«Ես Ատրպէյճանէն պետական մակարդակով հնչող նման յայտարարութիւններու ծանօթ չեմ»,  յայտնած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Փեսքովի խօսքով՝ հակառակը, Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանէն միանգամայն այլ յայտարարութիւններ լսած են։

«Մենք Ատրպէյճանի ղեկավարութեան այն յայտարարութիւնները լսած ենք, որոնց մէջ կը խօսուի փուլի մը աւարտին եւ խաղաղ համաձայնագրի պատրաստակամութեան փուլին անցնելու անհրաժեշտութեան մասին», պնդած է Տմիթրի Փեսքով՝ յաւելելով, որ «այդ իսկ պատճառով պարոն Փաշինեանի յայտարարութեան այդ մէկ հատուածին պահով ոչինչ կրնամ ըսել»։

Փաշինեան, Շաբաթ օրը դիմելով ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովի պատուիրակներուն, յայտարարեց՝ Երեւանի համար չափազանց կասկածելի կը թուի, որ Ատրպէյճանի մէջ պաշտօնական մակարդակով Հայաստանի Հանրապետութիւնը սկսած են կոչել «արեւմտեան Ատրպէյճան»:

«Եւ այս հայեցակարգը ուսուցանում են դպրոցներում, համալսարաններում, պետական լրատուամիջոցներով: Սա մեզ նոր պատերազմ, Հայաստանի դէմ նոր ռազմական յարձակում կազմակերպելու նախապատրաստու­թիւն է թւում, եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջընթացի հիմնական խոչընդոտներից է», ըսաւ Գործադիրի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment