Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան-Ֆրանսա Պատմական Համաձայնութիւն

Հայաստան-Ֆրանսա Պատմական Համաձայնութիւն

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմական  համաձայնութիւն, որ կարելի է կոչել եզակի իր ձեւին ու բովանդակութեան մէջ: Քիչ անգամ կը պատահի որ, երկու երկիրներ պաշտօնական համաձայնագիր ստորագրեն զէնքի վաճառքի շուրջ: Ընդհանրապէս նման գործարքներ տեղի կ՛ունենան գաղտնիութեան շղարշին տակ՝ հակառակորդ կողմերուն առաւելութիւն չտալու եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւնները չբարդացնելու համար: Այս պարագային սակայն, Ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ  ամէն ինչ կը կատարուի բաց երկնքի տակ՝ մի քանի ուղղութիւններով պատգամներ ուղարկելու նպատակով:

Բնականաբար առաջին պատգամը ուղղուած է Պաքուին՝ հասկցնելու համար որ, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին Ֆրանսան ու անոր ետեւէն Եւրոպան վճռած են պաշտպանելու ժողովրդավար երկրի մը հողային ամբողջականութիւնը, ընդդէմ բռնապետական վարչակարգի մը կողմէ հնչող սպառնալիքներուն: Պատգամ կ՛ուղղուի նաեւ Ռուսաստանին՝ հասկցնելու համար որ,  Հարաւային Կովկասը իր միանձնեայ ազդեցութեան տակ չէ այլեւս եւ այլ դերակատարներ կան« որոնք պատրաստ են աջակցելու տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման:

Ֆրանսան միակ երկիրը չէ, ուր Հայաստանի պաշտպանութիւնը դարձած է օրակարգի հարց: Անցեալ շաբաթ, Հոլանտայի խորհրդարանը որոշում կայացուց, որով կոչ կ՛ընէ  կառավարութեան դրական արձագանգելու Հայաստանին սպառազինութեան օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքին: Անակնկալ պիտի չըլլայ եթէ Եւրոպական այլ երկիրներ եւս հետեւին Ֆրանսայի օրինակին:

Այս մօտեցումը թափ առաւ երբ Ատրպէյճան անտեսելով Արեւմտեան երկիրներու կոչերուն՝ յարձակում գործեց Լեռնային Ղարաբաղի վրայ՝ ստիպելով Արցախահայութեան զանգուածային հեռանալու իրենց հայրենիքէն:

44-օրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք, Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղան բանակի վերակազմաւորման եւ արդիականացման գործին: Նախ յոյսեր կ՛ապուեցան Ռուսաստանի հետ այն ակնկալիքով որ, դաշնակից նկատուող այդ երկիրը պիտի մատակարարէ Հայաստանի անհրաժեշտ զինատեսակները: Այդ նպատակին համար ռուսական կողմին փոխանցուեցաւ կանխիկ 400 միլիոն տոլար, սակայն մինչեւ օրս զէնքերը չհասան Հայաստան եւ ոչ ալ վերադարձուեցաւ այդ հսկայ գումարը:

Այդպիսով Հայաստան կորսնցուց սուղ ժամանակ իր պաշտպանութիւնը ամրապնդելու համար, որուն պատճառաւ ալ Ատրպէյճան մի քան անգամ կարողացաւ ներթափանցել Հայկական տարածքներէն ներս: Այս իրադարձութիւններէն ետք է որ, Երեւան վերջնականապէս համոզուեցաւ որ, Ռուսաստանի վրայ յոյս կապելը դարձած է ժամանակի կորուստ ու սկսաւ փնտռել զենատեսակներու ապահովման այլ ուղղութիւններ: Թէեւ Հայկական կողմը շարունակեց լուռ մնալ այս հարցով, սակայն հնդկական մամուլին մէջ սկսան լոյս տեսնել հրապարակումներ՝ Հայաստանին վաճառուող արդիական զինատեսակներու մասին:

Յաջորդ տարուայ պիւտճէի նախագծով բանակի եւ պաշտպանութեան համար յատկացուած է 1.4 միլիառ տոլար: Այս գումարը ամենէն բարձրն է անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ: Թէեւ Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն 2.5 անգամ աւելի է Հայաստանէն« սակայն պէտք է նկատի առնել որ այդ գումարին մէկ մասը անխուսափելիօրէն պիտի մսխուի կաշառակերութեան եւ կորուպցիայի պատճառաւ:

Անշուշտ այս բոլորը կը կատարուին տասնամեակներու ուշացումով, երբ նախկին իշխանութիւնները զբաղած երկիրը թալանելով ու անտեսելով Ատրպէյճանի մեծ թափով  սպառազինումը, պատճառ դարձան, որ խախտուի ռազմական հաւասարակշռութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ:

Հայկական բանակի կառուցումը ներկայիս կը գտնուի ճիշդ ուղղիի վրայ: Ֆրանսական կողմը կը խօսի ոչ միայն զինատեսակներու վաճառքի մասին այլեւ կը յայտնէ թէ, պիտի օգնէ Հայաստանին վերապատրաստելու ցամաքային պաշտպանութեան ուժերը եւ պիտի աջակցի երկրի ջանքերուն՝ բարեփոխելու եւ արդիականացնելու իր բանակը:

ՀայաստանևՖրանսա սպառազինութեան պատմական համաձայնութիւնը արդիւնք է վերջին տարիներուն  Երեւանի վարած երկբեւեռ քաղաքականութեան« որ աւանդական դաշնակիցի թերացումներէն ետք, կը հանդիսանայ աւելի վստահելի երաշխիք՝ սահմաններու եւ ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան նպատակով:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment