Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Մշտապէս Հայաստանի Կողքին Ենք. Եաէլ Պրաուն-Փիվէն` Ալէն Սիմոնեանին

Մենք Մշտապէս Հայաստանի Կողքին Ենք. Եաէլ Պրաուն-Փիվէն` Ալէն Սիմոնեանին

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահ Եաէլ Պրաուն-Փիվէին:

ՀՀ ԱԺ նախագահը նշած է, որ ջերմ յիշողութիւններ ունի գործընկերոջ գլխաւորած պատուիրակութեան` այս տարուան սկիզբը Հայաստան կատարած պատմական այցէն: Ի պատասխան` Եաէլ Պրաուն-Փիվէն փաստած է, որ տպաւորուած է Հայաստանով եւ մեծ յուզմունքով կը յիշէ այդ յագեցած այցը:

Գործընկերները արձանագրած են, որ այս հանդիպումը շարունակութիւնն է անկեղծ բարեկամութեան եւ հետեւողական գործընկերային քաղաքականութեան: Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են հայ-ֆրանսական միջխորհրդարանական գործակցութեան բարձր մակարդակի առնչութեամբ, որ կը վերաբերի նաեւ միջխորհրդարանական բարեկամական խումբերուն: Ալէն Սիմոնեանը կարեւորած է այն փաստը, որ ֆրանսացի բոլոր գործընկերներուն հետ հանդիպումները կ’անցնին Հայաստանի մասին քաջատեղեակ մթնոլորտի մէջ:

Ան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի շարունակական միջնորդական ջանքերը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանականներու հետեւողական աջակցութիւնը եւ Հայաստանի հետ մշտական կապի մէջ ըլլալը:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ վերադարձին, Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան աջակցութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու սահմանման շուրջ: Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը նշած է, որ մշտապէս Հայաստանի կողքին են եւ պիտի շարունակեն ներդնել բոլոր ջանքերը:

ՀՀ ԱԺ նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է ջերմ խօսքերուն համար` հաւատացնելով, որ մեր երկրին եւ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած վերաբերմունքը շօշափելի եւ կենսական նշանակութեան փոփոխութիւններու կը յանգեցնէ: Ան գոհունակութեամբ խօսած է Ֆրանսայի բարեկամական մօտեցման եւ միջազգային տարբեր հարթակներու մէջ համագործակցութեան մասին: Ալէն Սիմոնեան ընդգծած է, որ միջազգային գործընկերներէն յստակ քայլեր կ’ակնկալուին` տարածաշրջանը ցնցումներէ ու պատերազմէ զերծ պահելու համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ յառաջիկային ֆրանսացի խորհրդարանականներու կողմէ սպասուող հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment