Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեանը Հակաճգնաժամային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Ստեղծուած Ռազմա-Քաղաքական Իրավիճակին Առնչուող Հարցեր

Արայիկ Յարութիւնեանը Հակաճգնաժամային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Արցախի Մէջ Ստեղծուած Ռազմա-Քաղաքական Իրավիճակին Առնչուող Հարցեր

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է  նախագահին կից Հակաճգնաժամային Խորհուրդի անդամները`  կառոյցի ղեկավար  Տիգրան Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ:

Քննարկուած են 2020 թուականի պատերազմին ու 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն շարունակուող շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմա-քաղաքական, ընկերա-տնտեսական  իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Արայիկ Յարութիւնեանը իր խօսքին մէջ կարեւորած է  պետական իշխանութեան եւ հանրային շրջանակներուն միջեւ համագործակցութիւնը ճգնաժամային իրավիճակներու յաղթահարման նպատակով` համոզմունք յայտնելով, որ նորաստեղծ Խորհուրդը պիտի դառնայ այդ գործընթացին կարեւոր օղակներէն մէկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment