Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Հանդիպած Է Իրաւապահներուն

Արցախի Նախագահը Հանդիպած Է Իրաւապահներուն

by MassisPost

3) Արցախի Նախագահը Հանդիպած Է Իրաւապահներուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Փետրուար 6-ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն իրաւապահ համակարգի ղեկավար կազմին հետ:

Քննարկուած են հանրապետութեան իրաւապահ համակարգին առջեւ ծառացած խնդիրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղուած միջոցառումները:

Իր խօսքին մէջ երկրին ղեկավարը անդրադարձած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ իրաւապահ կառոյցներու գործունէութեան` ընդգծելով, որ անոնց արհեստավարժ աշխատանքին շնորհիւ կարճ ժամկէտի մէջ հնարաւոր եղած է երկրին ներքին կեանքը վերադարձնել բնականոն հուն: Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է համակարգի բոլոր ներկայացուցիչներուն իրենց ծառայողական պարտականութիւնները բարձր պատասխանատուութեամբ կատարելու, իրաւունքի գերակայութեան սահմանադրական սկզբունքին անվերապահօրէն հետեւելու համար:

«Երբեք չմտածէք, թէ ձեր կատարած աշխատանքն աննկատ է մնում, այն գնահատում է ե՛ւ ժողովուրդը, ե՛ւ պետութիւնը», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Անդրադառնալով հանրապետութեան մէջ ներքին կեանքի կայունութեան ու անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերուն, նախագահը ընդգծած է, որ ընելիքներ դեռ շատ կան` հանրային կեանքին մէջ կարգապահութեան մակարդակի բարձրացումէն մինչեւ յանցաւորութեան դէմ պայքար:

«Ընդունում եմ, որ բազմաթիւ խնդիրներ ընդամէնը արհեստածին են ու պայմանաւորուած են յաճախ նաեւ իմ լռութեամբ: Բայց վստահեցնում եմ ձեզ, բազմաթիւ հարցերում եւ իրավիճակներում պետական բարձրագոյն իշխանութեան լռութիւնը ոչ թէ անգործութիւն է, այլ՝ անհրաժեշտութիւն: Վերջապէս պէտք է լիարժէքօրէն ընկալենք այն իրավիճակը, որում ապրում ենք եւ հասկանանք, որ յաճախ ամէն ինչ չէ, որ բարձրաձայնման ենթակայ է», նշած է նախագահը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին նախագահ Յարութիւնեանը հանրութեան կողմէ ստացուած բողոքներու եւ մտահոգութիւններու հիման վրայ իրաւապահ համակարգին առջեւ դրած է շարք մը խնդիրներ.

այ) Աւելցնել գործադրուող ջանքերը` Արցախի մէջ իրաւական անվտանգութեան, իրաւակարգի պաշտպանութեան մակարդակը որակապէս նոր հարթութեան հասցնելու, ինչպէս նաեւ հասարակական վայրերու մէջ հասարակական անվտանգութեան վիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ,

բ) Լիազօրութիւններու շրջանակին մէջ ձեռնարկել բոլոր միջոցները ներքին պառակտիչ, միմեանց հանդէպ թշնամութիւն հրահրող, մարդոց մօտ առկայ առարկայական մտահոգութիւններու եւ դժգոհութիւններու օգտագործմամբ ներքին անկայունութեան տանող բոլոր քայլերն ու գործողութիւնները կանխելու ուղղութեամբ, իսկ անոնց յանցաւոր դրսեւորումներուն տալ իրաւական գնահատական:

Արցախի ղեկավարը կարեւորած է նաեւ հանրային հետաքրքրութեան կեդրոնին մշտապէս գտնուող դէպքերուն մեծ ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Մասնաւորապէս, նախագահը համապատասխան մարմիններուն յանձնարարած է ձեռնարկել հետախուզական բոլոր միջոցները` 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ տարբեր տնտեսվարողներու դրամատուներու հանդէպ վարկային պարտաւորութիւնները մարելու համար ֆինանսական միջոցներու տրամադրման գործընթացին մէջ թոյլ տրուած որեւէ յանցաւոր խախտում վեր հանելու եւ խախտում թոյլ տուած անձերը պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ:

Նախագահ Յարութիւնեան անհրաժեշտ համարած է նաեւ ձեռնարկել բոլոր միջոցները Արցախի ներդրումային եւ Գիւղի ու գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամներէն` յատկապէս 2020 թուականի Նոյեմբերէն յետոյ տրամադրուած միջոցները փոշիացուցած, աննպատակ օգտագործած կամ զանոնք մարելէ չարամտօրէն խուսափած անձերը պարզելու, հիմնադրամներուն եւ պետութեան պատճառուած վնասները վերականգնելու ուղղութեամբ:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են նաեւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը, Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Կարէն Շահրամանեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment