Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Արարատ Միրզոյեանի Վրայ Յարձակումը Պէտք Է Շատ Արագ Բացայայտուէր. Օրէնքով Գողերու Ներգրաւուածութիւնը Նորութիւն Չէ

Արարատ Միրզոյեանի Վրայ Յարձակումը Պէտք Է Շատ Արագ Բացայայտուէր. Օրէնքով Գողերու Ներգրաւուածութիւնը Նորութիւն Չէ

by MassisPost

Օրերս կալանաւորուած է «օրէնքով գող» Գէորգ Իսրայէլեանը: Քննչական Կոմիտէէն կը յայտնեն, որ քննութեամբ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ Գէորգ Իսրայէլեանը, ունենալով «քրէական հեղինակութեան»` քրէական աստիճանակարգութեան բարձրագոյն կարգավիճակ, պահպանելով յիշեալ կարգավիճակը, ստանձնած է քաղաքացիին պարտք մնացած գումարի վերադարձման հարցի լուծումը:

Նշուած անձը Գէորգ Իսրայէլեանն է, որ ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ նախապէս ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ, այժմ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու գործով:

Այն, որ յանցագործ աշխարհը քաղաքական յանձնարարութիւններ իրականացուցած է, «Հելսինքեան ընկերակցութիւն» իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, իրաւապաշտպան Նինա Կարապետեանցի խօսքով` նորութիւն չէ: Աւելին, իրեն յանցաւոր համարող աշխարհը տեւական ժամանակ է քաղաքականութեան մէջ ներքաշուած է: Իրաւապաշտպանը որպէս օրինակ կը նշէ ընտրութիւններու ժամանակ իրենց հեղինակութիւն համարողներու ներգրաւուած ըլլալը.

«Սա նորութիւն չի, սա շատ հին աշխատող թեմա է, եւ զարմանալու բան չկայ: Կարծում եմ` շատ յետսովետական երկրներում քրէական աշխարհի գործառութիւններն օգտագործելն ընդունուած տարբերակ է, երբ չի աշխատում ուժային կառոյցների գործիքակազմը, օգտագործում են քրէական աշխարհը: Նրանք, որոնք փորձել են Արարատ Միրզոյեանին խաղից հանել կամ ֆիզիքապէս վերացնել, միշտ էլ այդ ուժերն օգտագործել են այդ գործիքակազմը, բայց հիմա իրենց ձեռքում չկայ հնարաւորութիւն ուժային կառոյցներում գործեր յարուցել, բայց քրէական աշխարհը օգտագործելու տարբերակը, ի հարկէ, կայ», ըսաւ իրաւապաշտպանը:

Անոր խօսքով` Արարատ Միրզոյեանի վրայ յարձակումը պէտք է շատ արագ  բացայայտուէր, պէտք է արագ քննուէր,  մինչդեռ անցած է երեք տարի:

«Յատկապէս որ Արարատ Միրզոյեանն ունէր թիկնապահներ, որոնք ԱԱԾ ծառայութիւնների ներկայացուցիչներ են, իսկ տարածքն էլ, որ տեղի էր ունեցել յարձակումը, պատահական տեղ չէր: Աւելին` տասնեակի հասնող տեսանիւթեր կային, կային վկաներ, շատ մեծ գործիքակազմ կար, որ պէտք էր շատ արագ արձագանգէր: Սա դեռ սկիզբն է, եւ կարող է պարզուի` ում որ ձերբակալել են, մեղաւոր չէ: Դեռ կ’արդարացնեն էլ, դեռ հատուցում կը վճարենք իր խախտուած իրաւունքների վերականգնման համար: Ոչ մի բանի վրայ չեմ զարմանում, համակարգը չի ենթարկւում ոեւէ մէկին, կամ ենթարկւում է այն ուղղութեամբ, որտեղից օգուտ ունի», ըսաւ Կարապետեանցը` յաւելելով, որ չի կարող բնական երկրում ԱԺ նախագահի վրայ նման յարձակում տեղի ունենալ, եւ մարդիկ մնան ազատութեան մէջ, գործերը չքննուեն, պատասխանատուութեան չենթարկուածներ չլինեն», ըսաւ իրաւապաշտպանը:

Անոր խօսքով` սա կը նշանակէ, որ ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ պաշտպանուած չէ, եւ սա պետութեան անվտանգութեան խնդիր է. ԱԺ նախագահին վրայ կրնան յարձակիլ խումբ մը խուլիկաններ եւ ոչնչացնեն, իսկ սա կը խարխլէ պետութեան հիմնարկները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment