Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արեւտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սբ. Ծննդեան Պատգամը

Արեւտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան Սբ. Ծննդեան Պատգամը

by MassisPost

«Մի՛ երկնչիր, Մարիամ, զի գտեր զշնորհս յԱստուծոյ։
Եւ ահա յղասջիր եւ ծնցես Որդի, եւ կոչեսցես զանուն նորա Յիսուս»
(Ղուկ. 1։30-31)

Ս. Ծննդեան տօնին մեր հոգեւոր կեանքը կը լեցուի սրբութեան ու խոնարհութեան գիտակցութեամբ, ի մասնաւորի, երբ կը կարդանք աւետարաններով մեզի փոխանցուած այն հատուածը, ուր կը պատմուի Ս. Կոյս Մարիամին հրեշտակի յայտնութեան մասին.  «Մի՛ երկնչիր, Մարիամ, զի գտեր զշնորհս յԱստուծոյ։ Եւ ահա յղասջիր եւ ծնցես Որդի, եւ կոչեսցես զանուն նորա Յիսուս»։

Ինչքա՜ն ներշնչող է հրաշտակին ու Ս. Կոյս Մարիամի միջեւ տեղի ունեցող երկխօսութիւնը։ Սա այն պահն է, երբ Հայր Աստուած կ’ընտրէ խոնարհագոյնին՝ իր մէջ կրելու համար աշխարհի փրկիչը՝ Յիսուս Մանուկը, Աստուածորդին։

Ս. Ծննդեան տօնին կը ցնծայ Քրիստոնեայ աշխարհը, քանզի անգամ մըն ալ կ’ապրինք խորհուրդը Աստուածորդու Մարդեղութեան՝ աշխարհի մարդկանց հոգիներու փրկութեանը համար։ Այսօր պարտ ենք մեր հոգու հայեացքը աւելիով ուղղել դէպի Աստուած, որպէսզի անդրադարձն ունենանք այն աստուածային շնորհներուն, որոնք առատօրէն կը տրուին մեզ, սակայն միշտ չէ, որ կը գիտակցինք:

Ս. Կոյս Մարիամ խոնարհութեամբ ընդունեց հրեշտակին կողմէ իրեն աւանդուած և վստահուած շնորհը՝ իր մէջ կրելու համար Աստուածորդին՝ Յիսուս Մանուկը: Արդ, Ս․ Ծնունդը այն տօնն է Քրիստոնեայի կեանքին մէջ, որով  հաւատքի վերածնունդ կ’ապրինք և մեր հոգին լայն կը բանանք մեր մէջ բնակեցնելու համար Յիսուսը, եւ աստուածային բազում շնորհներով զարդարելու մեր կեանքը: Մեզի կը մնայ նմանակցել Ս. Կոյս Մարիամին և խոնարհութեամբ ընդունիլ աստուածաշունչ շնորհները՝ զանոնք կեանքի կոչելու մեր առօրեայի ընթացքին:

Ս. Ծննդեան տօնը մեր կեանքին մէջ հրաւերն է նոր կեանքին: Քրիստոնեային համար նորը պայմանաւորուած է Քրիստոսով եւ Քրիստոսի հետ ապրուած կեանքով: Քրիստոսի հետ հոգևոր ճանապարհորդութեամբ մեր կեանքի բոլոր օրերը պարտ ենք դարձնել նոր, որպէսզի մեր կեանքով դառնանք լոյսի ճառագայթ մը խաւարին մէջ խարխափող մարդկութեան համար:

Արդարեւ, մարդկութիւնը ծարաւի է նոր կեանքի: Աշխարհը կորսնցուցած է իր խաղաղութիւնը և ազգեր պատերազմներու մէջ կը սպառեն աստուածատուր իրենց կեանքն ու շնորհները, որոնցմով կարելի է հրաշքներ գործել:

Ս. Ծնունդը այն մեծագոյն տօնն է մարդկութեան կեանքին մէջ, որ բոլորիս կը յիշեցնէ Աստուծոյ՝ մարդկութեան կեանքին մէջ ունեցած ներգործութեան մասին, որպէսզի մարդը խոնարհութեամբ անդրադարձ ունենայ եւ դառնայ շնորհընկալ Ս․ Կոյս Մարիամի նմանողութեամբ: Քրիստոսի Ս․ Ծնունդով մեզի կը յայտնուի Աստուծոյ շնորհքով եւ ողորմութեամբ մարդկութեան փրկութեան խորհուրդը խորին, որ մեծագոյն պարգեւ է:

Ս. Ծնունդին ընդառաջ հոգեւին պիտի նախապատրաստուինք աղօթքով, հոգևոր ընթերցումներով, բարեգործութիւններով, սգաւորներուն եւ հիւանդներուն խնամատարելով, կարօտեալներուն մեր ունեցածէն բաժին հանելով։ Ասիկա պէտք է ընենք խոնարհութեամբ, լուռ, առանց թբկահարումի, ոչ թէ մեր մնացորդացէն կամ աւելցուկէն, այլ՝ մեր իսկ բաժինէն, մենք զմեզ նեղի դնելով, որովհետեւ ինչպէս Մայր Թերեզան կ’ըսէ՝ «որպէսզի զոհաբերութիւնը իրական ըլլայ, գին մը պիտի վճարես անոր համար, պիտի ցաւիս, պիտի ինքնապարպուիս»։

Ս. Ծնունդը ընտանեկան տօն է։  Հետեւաբար, ընտանիքը պիտի համախմբուի աղօթքով, օրուայ եկեղեցական շարականի երգեցողութեամբ, Յիսուս Մանուկի ծննդեան մասին աւետարանի ընթերցովը, եւ մանաւանդ՝ միմեանց նկատմամբ սիրով ու համերաշխութեամբ: Մեզ անհրաժեշտ է առնել ամենապարզ քայլերը մեր զաւակներուն սորվեցնելու խաչակնքում, պարզ աղօթքներ, աւետարաններու սերտողութիւն և եկեղեցի յաճախելու բարի աւանդութիւն: Այսօրինակ քայլերը մեր միտքն ու Հոգին կը զարդարեն Աստուծոյ սիրովն ու իմաստութեամբ՝ տունը դարձնելով  եկեղեցի, օջախ սրբութեան: Եթէ այս քայլերը կեանքի չկոչենք, ապա աշխարհը կը խեղդէ բոլորս նիւթականացած բարքերով: Միշտ պիտի մտաբերենք պատկերը հրեշտակին ու Ս. Կոյս Մարիամի միջև կայացած հանդիպման, թէ ինչպէս Աստուածամայրն ընդունեց շնորհը Աստուծոյ կողմէ իրեն վստահուած: Հետևաբար, Ս. Ծնունդը այն մեծ տօնն է, որ մեր մէջ կ’արթնցնէ գիտակցութիւնը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած շնորհներուն: Անիկա նաեւ հրաւէրք է մեր ազգի զաւակաց ապրելու քրիստոնէական հաւատքով:

Տկարացած ենք մեր հաւատքի մէջ․ հարկ է, որ մեր խօսքն ու գործը արտացոլէ Աստուծոյ սէրն ու Քրիստոսի Աւետարանին պատգամները:

Ս. Ծնունդի տօնախմբութիւնը կը դառնայ լիակատար, երբ մեր առջև որպէս մտատիպար ունենանք Աստուածամօր կերպարը իր խոնարհ ներկայութեամբ, եւ Ս․ Կոյսի պէս հոգևոր զուարթութեամբ դիմաւորենք Յիսուս Մանուկին ծնունդը մեր հոգիներէն ներս:

Քրիստոս ծնաւ և յայտնեցաւ.
Օրհնեա՜լ է յայտնությունը Քրիստոսի:

ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ,
Առաջնորդ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment