Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած Է Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարներուն Մասնակցութեամբ

Արցախի Նախագահը Խորհրդակցութիւն Հրաւիրած Է Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարներուն Մասնակցութեամբ

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն հրաւիրած է, որուն կը մասնակցէր նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը:

Քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով հանրապետութեան մէջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ներքին եւ արտաքին անվտանգութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Տեղի ունեցած շահագրգիռ քննարկումէն յետոյ նախագահ Յարութիւնեանը ներկաներուն շարք մը յանձնարարականներ տուած է անոնց համալիր լուծման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment