Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արտերկրի Մէջ ՀՀ Դեսպանները Ջերմուկի Մէջ Քննարկած Են Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Հարցը

Արտերկրի Մէջ ՀՀ Դեսպանները Ջերմուկի Մէջ Քննարկած Են Լաչինի Միջանցքի Արգելափակման Հարցը

by MassisPost

Ջերմուկի մէջ, 20-21 Դեկտեմբերին, ՀՀ արտաքին գործերու նախարարու եւ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ղեկավար կազմի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու աշխատանքային քննարկումը:

Դեկտեմբեր 20-ին միջոցառման մասնակիցներուն հետ հանդիպած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Վարչապետն անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք դիմագրաւելու հնարաւորութիւններուն, խօսիլ առկայ պայմաններուն մէջ դիւանագէտներէն ունեցած ակնկալիքներուն մասին: Նիկոլ Փաշինեան նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:

Յաջորդիւ, նախարար Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի հանգուցալուծման, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման, սահմանային անվտանգութեան ու սահմանազատման, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացներու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀՀ արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն վերաբերող այլ հարցեր:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարին կողմէ տրուած են համապատասխան յանձնարարականներ` հետագայ աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment