Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն Հիմքեր Կը Նախապատրաստէ Հայաստանի Մէջ Հնարաւոր Աւելի Երկար Ժամկէտով Առաքելութեան Տեղակայման Համար

ԵՄ-ն Հիմքեր Կը Նախապատրաստէ Հայաստանի Մէջ Հնարաւոր Աւելի Երկար Ժամկէտով Առաքելութեան Տեղակայման Համար

by MassisPost

Եւրոմիութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի անցումային խումբով, որ հիմքեր պիտի նախապատրաստէ Հայաստանի մէջ հնարաւոր աւելի երկար ժամկէտով ԵՄ առաքելութեան տեղակայման համար: Այս մասին յայտնած է Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով  բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութեան մանտաթի ժամկէտի աւարտին կապակցութեամբ:

Պորէլ նշած է, որ առաքելութիւնը տեղակայուած էր Հայաստանի մէջ Հոկտեմբեր 20-ին` հայ-ատրպէյճանական սահմանի հայկական կողմը` համաձայն Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Եւրոպական Խորհուրդի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան` այնտեղ տիրող իրավիճակը դիտարկելու, վերլուծելու եւ անոր մասին տեղեկացնելու նպատակով:

«Եւրոպացի 40 փորձագէտներու տեղակայումը ապացուցեց իր արդիւնաւէտութիւնը եւ նպաստեց անկայուն իրավիճակին մէջ վստահութեան ամրապնդման: Այսօր Եւրոմիութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ իր ներգրաւուածութեան նոր փուլ կը սկսի անցումային խմբակով, որ հիմքեր պիտի նախապատրաստէ Հայաստանի մէջ հնարաւոր աւելի երկար ժամկէտով ԵՄ առաքելութեան տեղակայման համար, որուն վերջնական նպատակը պիտի ըլլայ նպաստել տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման», յայտնած է Պորէլ:

ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավարը յաւելած է, որ այդ հիմքով Եւրոմիութեան Խորհուրդը` Հայաստանի իշխանութիւններուն համաձայնութեամբ, որոշած է Վրաստանի մէջ գործող ԵՄ դիտորդական առաքելութենէն անցումային, ծրագրաւորման աջակցութեան խմբակ տեղակայել Հայաստանի մէջ` մեծցնելու անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ ԵՄ տեղեկացուածութիւնը եւ նպաստելու նոր հնարաւոր քաղաքացիական Անվտանգութեան եւ Պաշտպանութեան Ընդհանուր Քաղաքականութեան (CSDP) առաքելութեան ծրագրման ու նախապատրաստման:

Ըստ յայտարարութեան` կ’ակնկալուի, որ անցումային, ծրագրաւորման աջակցութեան խմբակը կ’աջակցի նաեւ ԵՄ Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլին Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորումը խթանելու գործընթացին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment