Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան. Հայաստանի Իշխանութիւնը Գործով Կ’ապացուցէ, Որ Կը ՇարունակԷ Մնալ Արցախի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

Արմէն Գրիգորեան. Հայաստանի Իշխանութիւնը Գործով Կ’ապացուցէ, Որ Կը ՇարունակԷ Մնալ Արցախի Անվտանգութեան Երաշխաւորը

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը գործով կ’ապացուցէ, որ կը շարունակէ մնալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը:

Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին այս մասին ըսաւ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` անդրադառնալով ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հարցին, թէ արդեօք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ՞ մնալ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորը, ինչպէս ամրագրուած է կառավարութեան 2021-2026 թուականներու ծրագրին մէջ:

«Պարոն Մանուկեան, դա ասելով չի. ինչպէս յայտնի է, դա գործով են ապացուցում, եւ իշխանութիւնը գործով դա ապացուցել է: Նախորդ տարի մօտ 200 միլիառ դրամի ֆինանսական աջակցութիւն է տրամադրուել Արցախին, եւ այդ ֆինանսական աջակցութիւնը, կարծում եմ, տեղեակ էք, որ ոչ միայն ընկերատնտեսական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցեր է լուծում: Եւ այստեղ երկրորդ կարծիք չի կարող լինել: Կարծում եմ պատասխանը յստակ է», ընդգծեց Գրիգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment