Home Uncategorized Ատրպէյճանը Ճանապարհը Բանալու Նախապայմաններ Կը Դնէ. Արտակ Բեկլարեան

Ատրպէյճանը Ճանապարհը Բանալու Նախապայմաններ Կը Դնէ. Արտակ Բեկլարեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը բանալու նախապայմաններ կը դնէ, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան` յայտնած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեկլարեանը:

Շաբաթ օր Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակցային գործընթացի ընթացքին ռուսական խաղաղապահներուն հրամանատարութիւնը կը սպասէ հայկական ու ատրպէյճանական կողմերու պատասխանին իրավիճակի կարգաւորման վերաբերեալ իրենց առաջարկներուն: Թէ ինչ առաջարկներ են անոնք, կողմերէն մէկը չէ բացայայտած:

Երեւան գտնուող Արցախի պետական նախարարին խորհրդականը հաստատեց, որ բանակցութիւններ կ’ընթանան: Բեկլարեանի խօսքով` Արցախի բոլոր երկխօսութիւնները, ուղիղ շփումները Ատրպէյճանի հետ տեղի կ’ունենան ռուսական միջնորդութեամբ:

Լաչինի միջանցքը արդէն 8-րդ օրն է` բնապահպան ներկայացող ատրպէյճանցիները փակ կը պահեն: Անոնցմր առաջ Ատրպէյճանի պետական քանի մը գերատեսչութիւններու, անոնց շարքին` Բնական Միջոցներու Նախարարութեան ու Պետական Գոյքի Վարչութեան աշխատակիցները վերահսկողութիւն կը պահանջէին Արցախի Տրմպոնի ու Գաշենի հանքավայրերուն մէջ: Արցախցի պաշտօնեան հաստատեց, որ ճանապարհի բացման համար ատրպէյճանցիներուն յառաջ քաշած նախապայմաններէն մէկը մուտք գործելն է Գաշենի հանքավայր: Բայց թէ ինչ պատասխանած է Ստեփանակերտը, չըսաւ:

Աւելի առաջ Արցախէն ըսած էին, որ համաձայն են միայն միջազգային փորձագէտներու վերահսկողութեան: Ըստ պետական նախարարի խորհրդականին` Ատրպէյճանի ռազմավարական նպատակը Արցախի ժողովուրդին հայրենազրկումը, ցեղասպանութիւնն է. «Այո՛, բանակցութիւններում նաեւ նմանատիպ հարցեր են քննարկուել, այսինքն` նախապայման է եղել ատրպէյճանական կողմից, թէ ինչ ձեւով, ինչ յաճախականութեամբ` մէկանգամեայ, թէ ոչ, թէ վերահսկողութիւն ինչպէս պէտք է լինի եւ այլն, սրանք բոլորը մանրամասներ են, որոնք ես չեմ կարող մեկնաբանել, բայց անձամբ իմ կարծիքն է, որ Արցախը որեւէ կարմիր գծի զիջման հաշուին պէտք չէ համաձայնութեան գայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment