Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Գոնկրէսականները Պայտընին Կոչ Կ’ընեն Քայլերու Ձեռնարկելու` Ապահովելու Արցախցիներուն Անվտանգութիւնը

Գոնկրէսականները Պայտընին Կոչ Կ’ընեն Քայլերու Ձեռնարկելու` Ապահովելու Արցախցիներուն Անվտանգութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի մօտ երեք տասնեակ անդամներ` Ատամ Շիֆի գլխաւորութեամբ, դիմած են նախագահ Ճօ Պայտընին` կոչ ընելով քայլերու ձեռնարկելու ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը: Անոնք զգուշացուցած են, որ մարդասիրական աղէտը անխուսափելի պիտի ըլլայ, եթէ քայլեր չձեռնարկուին:

«Միացայ գործընկերներուս` նամակով դիմելով նախագահին եւ կոչ ընելով անոր քայլերու ձեռնարկելու Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու համար, երբ Ատրպէյճանը շրջափակած է Լաչինի միջանցքը` Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը` վտանգելով հազարաւոր մարդիկ», Թուիթըրով գրած է Գոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment